Պաղեստինի պետութեան յառաջիկայ ճանաչման մասին նախագահ Մաքրոնի յայտարարութենէն ետք՝ «Ֆիկառօ Մակազին»-ի փոխտնօրէն Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոն զայն հարցապնդած է Արցախը չճանչնալու պատճառներուն մասին։
«Ի՞նչ էին ձեր փաստարկները չճանչնալու համար անկախութիւնը Արցախի՝ այն երկրին, ուր հայեր կը բնակէին աւելի քան երկու հազարամեակէ ի վեր, որ բնակուած էր 95% հայերով, որոնք յարձակման ենթարկուելէ ետք ազերպայճանցիներու կողմէ, բոլորն ալ (120.000 հոգի) վռնտուեցան իրենց ծննդավայրէն»,– գրած է Ժան-Քրիսթոֆ Պուիսոն «X» ընկերային ցանցի իր հաշիւին։
Յիշեցնենք, թէ Էմանիւէլ Մաքրոն Հինգշաբթի, Յուլիս 24-ին յայտարարեց, որ Ֆրանսա Սեպտեմբերին պիտի ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։