Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – ՊԱՐՊԻԶՈՆ – «Հայաստանի տպաւորապաշտ գոյներն ու լոյսերը» ցուցահանդէսին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը

Յունիս 27-ին, Պարպիզոն քաղաքի (Փարիզեան շրջան) մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի տպաւորապաշտ գոյներն ու լոյսերը» ( Couleurs et Lumières impressionnistes d’Arménie ” ) խորագրեալ ցուցահանդէսին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեանի ներկայութեան։

Մինչեւ Նոյեմբեր 2 շարունակուող ցուցահանդէսին՝ ֆրանսացի այցելուներուն կը ներկայացուին հայկական տպաւորապաշտութեան քանի մը տասնեակ բարձրարժէք գործեր՝ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի հաւաքածոյէն:

Ցուցադրուած գործերուն մէջ յատկապէս ներառուած են 20-րդ դարու սկիզբը ստեղծագործած հայ արուետագէտներ Վարդգէս Սուրէնեանցի, Եղիշէ Թադեւոսեանի, Վահրամ Գայֆեճեանի, Կարապետ (Շառլ) Ադամեանի, Մարտիրոս Սարեանի, Սեդրակ Առաքելեանի կտաւները։

Սոյն ցուցադրութիւնը կեանքի կոչուած է Եւրոպայի խորհուրդի «Մշակութային ուղիներ» ծրագրի շրջանակին մէջ՝ «Տպաւորապաշտութեանց ուղիներ» («Routes des Impressionnismes») ընկերակցութեան եւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին միջեւ գործակցութեան եւ Ֆրանսայի ու Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւններու աջակցութեան շնորհիւ:

Բացման արարողութեան ելոյթներով հանդէս եկան դեսպան Խաչատրեան, Ֆրանսայի Մշակոյթի նախարարութեան Համաշխարհային ժառանգութեան առաքելութեան ղեկավար Պրիւնօ Ֆավէլ, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան վարչութեան պետ, Եւրոպայի խորհուրդի «Մշակութային ուղիներ» նախաձեռնութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Աստղիկ Մարաբեան, Ազգային պատկերասրահի տնօրէնուհի Մարինա Յակոբեան եւ  «Տպաւորապաշտութեանց ուղիներ» ծրագրի գլխաւոր պատասխանատուներէն, «Ջուր եւ լոյս» ընկերակցութեան նախագահ Փիէր Պըտուէլ։

Դեսպան  Խաչատրեան բարձր գնահատեց վերոնշեալ անձերու կարեւոր ներդրումu սոյն նախաձեռնութեան։

Հանդիսութեան ներկայ էին Պարպիզոնի քաղաքապետը, մշակոյթի բնագաւառին մէջ ֆրանսական նշանաւոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։