Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսա Սեպտեմբերին պիտի ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը

Նախագահ Մաք­րոն Յու­լիս 24-ին «X» ըն­կե­րային ցան­ցի իր հա­շիւին հրա­պարա­կած գրա­ռու­մով յայ­տա­րարեց, որ Ֆրան­սա Սեպ­տեմբե­րին ՄԱԿ-ի Գլխա­ւոր հա­մաժո­ղովի նիս­տին պաշ­տօ­նապէս պի­տի ճանչնայ Պա­ղես­տի­նի պե­տու­թիւնը։

«Հա­ւատա­րիմ՝ Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի մէջ ար­դար եւ մնա­յուն խա­ղաղու­թեան մեր պատ­մա­կան յանձնա­ռու­թեան, ես որո­շեցի, որ Ֆրան­սա պի­տի ճանչնայ Պա­ղես­տի­նի պե­տու­թիւնը»,– կը գրէ Ֆրան­սա­յի նա­խագա­հը։

Ան նաեւ կը շեշ­տէ, որ այ­սօ­րուան առաջ­նա­հեր­թութիւ­նը Կա­զայի մէջ պա­տերազ­մի ան­յա­պաղ դադ­րե­ցումն է, բո­լոր պա­տանդնե­րու ազատ ար­ձա­կու­մը եւ քա­ղաքա­ցիական բնակ­չութեան լայ­նա­ծաւալ մար­դա­սիրա­կան օգ­նութեան տրա­մադ­րումը։

«Խա­ղաղու­թիւնը կա­րելի է, բայց կը պա­հան­ջէ քայ­լեր եր­կու կող­մե­րէն ալ՝ Հա­մասի ապա­ռազ­մա­կանա­ցում, Կա­զայի անվտան­գութիւն եւ վե­րակա­ռու­ցում, ինչպէս նաեւ կեն­սունակ Պա­ղես­տի­նեան պե­տու­թեան ստեղ­ծում, որ կը ճանչնայ Իս­րա­յէլը եւ կը նպաս­տէ ամ­բողջ տա­րածաշրջա­նի անվտան­գութեան»,– կ՚ըսէ նա­խագա­հը՝ ընդգծե­լով. «Ֆրան­սա­ցինե­րը կը փա­փաքին, որ խա­ղաղու­թիւն տի­րէ Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի մէջ»։

Մաք­րոն միաժա­մանակ կը հաղորդէ, որ նա­մակ ու­ղարկած է Պա­ղեստի­նեան իշ­խա­նու­թեան նա­խագա­հին՝ վե­րահաս­տա­տելով այդ ուղղու­թեամբ առաջ շար­ժե­լու իր վճռա­կանու­թիւնը։ 

Ար­ձա­գանգներ՝ պա­ղես­տի­նեան եւ իս­րա­յէլեան ճա­կատ­նե­րէն

Պա­ղես­տի­նի ազա­տագրման կազ­մա­կեր­պութեան (ՊԱԿ) փոխ­նա­խագահ Հիւ­սեյն ալ-Շեյխ ան­մի­ջապէս բարձր գնա­հատած է Ֆրան­սա­յի յայ­տա­րարու­թիւնը՝ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­լով ֆրան­սա­ցի նա­խագա­հին։ “Այս դիր­քո­րոշու­մը կը ցո­լաց­նէ Ֆրան­սա­յի փա­րու­մը մի­ջազ­գա­յին օրէն­քին եւ անոր աջակ­ցութիւ­նը պա­ղես­տի­նցի ժո­ղովուրդի ինքնո­րոշ­ման իրա­ւունքին եւ մեր ան­կախ պե­տու­թեան հաս­տատման”,– ըսած է ան։

Ի տար­բե­րու­թիւն պա­ղես­տի­նեան ճա­կատի խան­դա­վառու­թեան, ինչպէս կա­րելի էր ակնկա­լել՝ շատ խիստ է իս­րա­յէլեան կող­մի հա­կազ­դե­ցու­թիւնը։ 

Վար­չա­պետ Պե­նիամին Նե­թանիահուի հա­մաձայն՝ Ֆրան­սա­յի այս որո­շու­մը «կը վար­ձատրէ ահա­բեկ­չութիւ­նը» եւ գո­յու­թե­նական սպառ­նա­լիք կը յարուցէ Իս­րա­յէլի հա­մար։ Ան այս առ­թիւ հրա­պարա­կած հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ յայտնած է, թէ նա­խագահ Մաք­րո­նի այս նա­խաձեռ­նութիւ­նը «վտանգ պի­տի ստեղ­ծէ գոյ­ացումո­վը իրա­նակա­նի կողքին նոր սպառ­նա­լիքի մը, ինչպէս որ ար­դէն դար­ձած է Կա­զան»։ Ըստ Նե­թանիահուի՝ են­թադրեալ Պա­ղես­տի­նի պե­տու­թիւնը պի­տի հան­դի­սանայ պար­զա­պէս «Իս­րա­յէլը ոչնչաց­նե­լու նպա­տակին ծա­ռայող հար­թակ մը եւ ոչ թէ անոր կող­քին խա­ղաղու­թեամբ ապ­րող միաւոր»։ «Պարզ խօս­քով՝ պա­ղես­տինցի­ներու նպա­տակը ոչ թէ Իս­րա­յէլի կող­քին պե­տու­թիւն մը ու­նե­նալն է, այլ՝ Իս­րա­յէլի՛ տե­ղը պե­տու­թիւն մը ու­նե­նալը»,– աւել­ցուցած է ան։

Իս­րա­յէլի փոխ­վարչա­պետ եւ Ար­դա­րադա­տու­թեան նա­խարար Եարիւ Լե­ւին ալ նա­խագահ Մաք­րո­նի յայ­տա­րարու­թիւնը որա­կած է «սեւ բիծ մը ֆրան­սա­կան պատ­մութեան մէջ եւ ուղղա­կի օգ­նութիւն՝ ահա­բեկ­չութեան»։ Ան նաեւ յայ­տա­րարած է, թէ Ֆրան­սա­յի «ամօ­թալի որո­շու­մը» կը նշա­նակէ, որ հի­մա «ժա­մանա­կը հա­սած է իս­րա­յէլա­կան ինքնիշ­խա­նու­թիւնը գործադրե­լու» Այսրյոր­դա­նանի մէջ, զոր իր եր­կի­րը գրա­ւած է 1967-էն ի վեր։ ■

Խմբագրական