Ֆրանսական Toute l’Histoire հեռատեսիլի կայանը չորս յաջորդական թուականներու պիտի սփռէ Սողոմոն Թեհլիրեանի նուիրուած «Հայոց վրէժը – Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութիւնը» խորագրեալ 52 վայրկեաննոց վաւերագրական մը։
Փաստագրական ժապաւէնը պատրաստած են Լոռանս Շասէն եւ Պերնար Ժորժ։ Պատումը կը կատարէ Սիմոն Աբգարեան։
Սփռումի թուականներն ու ժամերն են.-
– Ուրբաթ, Ապրիլ 4, ժամը 20.40-ին,
– Չորեքշաբթի, Ապրիլ 9, ժամը 22.25-ին,
– Հինգշաբթի, Ապրիլ 24, ժամը 22.20-ին
– Շաբաթ, Ապրիլ 26, ժամը 18.10-ին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։