Ապրիլ 2-ին, փարիզեան արուարձաններէն Լէ Լիլա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի արարողութիւն։ Ելոյթներով հանդէս եկան Լէ Լիլայի քաղաքապետ Լիոնէլ Պենհարուս, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Տիգրան Բաղդասարեան, ֆրանսահայ ԱՆԻ կազմակերպութեան նախագահուհի Այտա Ասատուրեան եւ ծանօթ պատմաբան Գլօտ-Արմէն Մութաֆեան։ Ներկայ եղան Սէն-Սէն Տընիի նահանգապետական եւ քաղաքապետական ընտրեալներ եւ ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։
Ոգեկոչման ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի ու Ֆրանսայի փառերգերու ունկնդրութեամբ։ Արնուվիլի հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր Մանուէլ Ռաշօ-Յովհաննիսեան աղօթեց ի յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհերուն։
Հնչեցին հայկական դուդուկով կատարումներ եւ Կոմիտասի շարք մը ստեղծագործութիւնները։ ■