Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ. Ֆրանսայի Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը մասնակցած է Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութեան

Ֆրանսայի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանության եւ զինուած ուժերու յանձնաժողովի նախագահ Քրիսթիան Գամպոն Ապրիլ 20-ին, փարիզեան արուարձաններէն Շարանթոն-լը-Փոնի մէջ մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութեան:

Գամպոն արարողութենէն լուսանկարներ հրապարակած է՝ գրելով.– «Յուզիչ հաւաք 1915 թուականին Թուրքիոյ գործած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած խաչքարին քով՝ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանի մասնակցութեամբ: Նոյնիսկ այսօր Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը Ազերպայճանի կողմէ մնայուն սպառնալիքի տակ են»: