Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – CCAF-ը այլեւս չի ներկայացներ ֆրանսահայ համայնքը

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ 

Ամենա­խորին գի­տակ­ցութեամբ եւ լրջա­խոհ պա­տաս­խա­նատ­ւու­թեամբ է որ Սո­ցիալ Դե­մոկ­րատ Հնչա­կեան Կու­սակցու­թիւ­նը որո­շում կա­յացուց քա­շուելու Ֆրան­սա­յի Հայ­կա­կան միու­թիւն­ներն ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը հա­մակար­գող խոր­հուրդէն՝ CCAF-էն: 

Այս որո­շու­մը կա­յացուեցաւ լուրջ խորհրդա­ծու­թե­նէ, ու­շա­դիր զննու­թե­նէ ետք, իբր հե­տեւանք՝ դժբախ­տա­բար կրկնուած ծան­րա­գոյն խան­գա­րումնե­րու վե­րոն­շեալ կա­ռոյ­ցին աշ­խա­տաձե­ւին մէջ: Տե­ղին է յի­շել, որ 2022 Մարտ 1-ին, բազ­մա­թիւ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցած պա­հան­ջագրի շնոր­հիւ՝ CCAF-ի ազ­գա­յին (national) վար­չութիւ­նը անդրա­դար­ձաւ կա­նոնագ­րութեան փո­փոխու­թեան հրա­տապու­թեան: Երեք տա­րինե­րու ըն­թացքին տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­­ցութիւննե­րէ ետք, 2025 Փետ­րուար 1-ին վա­ւերա­ցուե­ցաւ 2024 Սեպ­տեմբեր 11-ին քուէար­կուած կա­նոնագ­րութիւ­նը: Սա­կայն, հոն ար­ձա­նագ­րուած փո­փոխու­թիւննե­րը չէին ցո­լաց­ներ մեր ան­սա­կար­կե­լի նկա­տած, ժո­ղովրդա­վարա­կան հրա­մայա­կան­նե­րը: 

Նախ եւ առաջ կը նկա­տենք հա­ւասար ներ­կա­յացուցչու­թեան բա­ցակա­յու­թիւն՝ ան­հատնե­րու եւ ան­հա­տական նա­խաձեռ­նութիւննե­րու՝ շրջա­նային (régional) մա­կար­դա­կի վրայ, հոն ուր միու­թե­նական աշ­խա­տան­քը ամե­նաար­դիւնա­ւէտն է: Ար­դա­րեւ, նոր կա­նոնագ­րութեան մէջ, ան­հատնե­րը ներ­կա­յացուած են բա­ցառա­պէս ազ­գա­յին մա­կար­դա­կով: Անոնք չու­նին ներ­կա­յու­թիւն շրջա­նային հար­թակնե­րու վրայ, մինչ ան­հատնե­րը հո՛ն է որ աշ­խա­տանք կը ծա­ւալեն: Մեր առա­ջար­կին մեր­ժումը հա­մայն գա­ղու­թը կը զրկէ բազ­մա­զանու­թե­նէ, ինչ որ անհրա­ժեշտ է հա­ւակա­քան ծրագ­րե­րու յա­ջողու­թեան հա­մար: 

Երկրորդ, կը դա­տապար­տենք պաշ­տօ­նի ան­սահմա­նափակ կու­տակման ան­փո­փոխու­թիւնը, որ թոյլ կու տայ քա­նի մը պա­տաս­խա­նատուի ան­վերջօ­րէն կառ­չած մնալ որո­շումներ կա­յաց­նո­ղի դիր­քե­րուն: Իշ­խա­նու­թեան նման առե­ւան­գում կը հա­կասէ վե­րանո­րոգ­ման հիմ­նա­կան պա­հան­ջին եւ կ՚ամ­րապնդէ դիր­քը ղե­կավա­րու­թեան մը, որ կը հա­կազ­դէ դոյզն փո­փոխու­թեան փոր­ձի, խա­փանե­լով վե­րա­նո­րոգ­ման որե­ւէ հե­ռան­կար, որ անհրա­ժեշտ է առողջ կազ­մա­կեր­պու­թեան մը հա­մար: 

Բա­ցի ատ­կէ, CCAF կը յա­ւակ­նի այնպի­սի ներ­կա­յացուցչու­թեան մը, որ դուրս կը մնայ իր իրա­կան սահ­մաննե­րէն: Ան իրա­ւասու­թիւնն ու­նի ար­տա­յայ­տուելու մի՛այն իր ան­դամնե­րուն անու­նով եւ սահ­մա­նափակ տա­րած­քի մը մէջ: Յա­ւակ­նիլ ամ­բողջ հայ­կա­կան գա­ղու­թին ներ­կա­յացուցչու­թեան՝ կը նշա­նակէ ինքն իրեն թոյլ տալ այնպի­սի օրի­նակա­նու­թիւն մը, որ գա­ղու­թը չէ պար­գե­ւած իրեն: 

Եւ վեր­ջա­պէս, մե­զի հա­մար անըն­դունե­լի է, որ նման կա­ռոյ­ցի ան­դամ մը իրա­ւազրկուի պաշտպա­նուե­լու հիմ­նա­կան կա­րելիու­թե­նէն, երբ ներ­քա­շուած է ան­հա­մաձայ­նութեան մը մէջ: Մեր­ժել լսել կողմ մը՝ կը նշա­նակէ անար­գել ար­դա­րու­թիւնը եւ ոտ­նա­կոխել թա­փանցկու­թեան սկզբունքը:

Նկա­տի առ­նե­լով այս խո­տորումնե­րը, մե­զի հա­մար բա­րոյա­պէս անհնար է կա­պակ­ցուիլ նոյ­նանման հա­մակար­գի մը հետ, որուն կա­նոն­նե­րը կը հա­կասեն մեր ար­ժէքնե­րուն: Այ­սու, Սո­ցիալ Դե­մոկ­րատ Հնչա­կեան Կու­սակցու­թիւնը կը բաժ­նուի CCAF-էն: 

Այս քայ­լը կոչ մըն է ներ­կա­յացուցչա­կան մի­ջավայր մը ստեղ­ծե­լու, որ հիմ­նուած պէտք է ըլ­լայ ժո­ղովրդա­վարու­թեան եւ բազ­մա­զանու­թեան վրայ, յար­գե­լով իւ­րա­քան­չիւրին ար­ժա­նապատ­ւութիւ­նը: 

Յոյ­սով ենք որ այս որո­շու­մը կ՚ըն­կա­լուի իր ճշգրիտ նպա­տակով: 

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն

Փարիզ, 2025 Յունիս 16 ■