Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – «Il Cello» երրեակը, Լեւոն Խոզեանի մասնակցութեամբ, դարձաւ The Voice-ի 14-րդ եղանակի յաղթականը

Լեւոն Խոզեան՝ ձախին

Շաբաթ, Մայիս 3-ին, «Il Cello» երրեակը դարձաւ The Voice-ի 14-րդ եղանակի յաղթականը։

Հեռատեսիլի այս մրցոյթի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ մրցանակը կը շահի խումբ մը։

«Il Cello»-ն կը բաղկանայ Լեւոն Խոզեանէն, Սալվաթորէ Լիվոլսիէն եւ Սեպասթիէն Լոնկիէն։ Երրեակը կազմած էր Ֆլորան Փանյի, խումբերու փորձերու ընթացքին։ Անոնց յաղթանակը եղաւ ջախջախիչ՝ հանրութեան քուէներու 49%-ով։

Ֆլորան Փանյի, մեծապէս հրճուած անոնց յաջողութեամբ, յայտարարեց թէ կը մտադրէ համագործակցիլ երրեակի անդամներուն հետ եւ թերեւս տանիլ զանոնք համերգներու շրջապտոյտի։ Այս յաղթանակին շնորհիւ, «Il Cello» ձեռք կը ձգէ պայմանագիր Universal France-ի հետ։

Գեղեցիկ ու անգին վարձատրութիւն մը այս երրեակին համար, որ կրցաւ գրաւել հեռատեսիլի ակնդիրներու սրտերը։