Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ. UFAR-ի ուսանողները վարժընթացներ պիտի անցընեն Ֆրանսայի հարաւը

Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան ֆրանքեւհայկական պալատին (CCIFA) նախաձեռնած եւ Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգի աջակցութիւնը վայելող փոխանակման ծրագրի մը շրջանակին մէջ՝ Հայաստանի Ֆրանսական համալսարանի (UFAR) հինգ ուսանողներ՝ տեղական ձեռնարկութիւններու մէջ վարժընթացներու հետեւելու համար Մարսիլիա ժամանած են, նշեալ համալսարանի տեսուչին՝ Պերթրան Վենարի գլխաւորութեամբ։ 

UFAR-ի տեսուչը, ընկերակցութեամբ CCIFA-ի նախագահ Պերնար Հաթեմեանի,  այցելած է Հարաւի շրջանի պալատ, ուր ընդունուած է Շրջանի նախագահ Ռընօ Միւզըլիէն ներկայացնող՝ Ապահովութեան եւ պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ Օռոր Պրիւնայի եւ Վերապատրաստման եւ աշխատանքի քաղաքականութեան յանձնաժողովի նախագահ Մոհամէտ Մակալիի կողմէ։

Այս արդիւնաւէտ հանդիպման ընթացքին՝ կողմերը հաւաստած են ներգրաւեալ կառոյցներուն միջև նոր կամուրջներ ստեղծելու իրենց փափաքը, երկարօրէն քննարկած են UFAR-ի նոր ռազմավարութիւնը եւ յաւակնոտ ծրագրերը:

Այս առթիւ յայտարարուած է որ՝ Հարաւի շրջանի նախագահ Ռընօ Միւզըլիէ Հայաստան իր յաջորդ ճամբորդութեան պիտի այցելէ նաեւ UFAR:

Մարթին Վասալ ընդունած է հայ ուսանողները

Հայ ուսանողները Փետրուար 25-ին ընդունուած են Պուշ-տիւ-Ռոն նահանգի նախագահուհի Մարթին Վասալի կողմէ։

Ինք ալ մօր կողմէ հայ Նախագահուհին շնորհաւորած է իրենց հայրենիքի ներկային ու ապագային նկատմամբ յանձնառու հայ երիտասարդները, անոնց հետ քննարկած է Հայաստանի եւ իր ղեկավարած նահանգի հաւաքականութիւններուն (collectivités) միջեւ առկայ համագործակցութիւնները, ծրագրերը, կարելիութիւնները։