Ֆրանսուա-Զաւիէ Պելամի Փետրուար 11-ին եւ 12-ին Հայաստան կ՚այցելէ որպէս Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան։
Շաբաթ, Փետրուար 11-ին, ան նախ այցելած է Սիւնիքի մարզ՝ Բերձորի միջանցքի մօտակայ շրջանը։ Այնուհետեւ եւրոերեսփոխանը կը մեկնէր Երեւան։ Այցելութեան ծրագրին մաս կը կազմէին՝ այցելութիւն շրջափակման տարածք, հանդիպումներ գաղթական ընտանիքներու հետ, որոնք չեն կրնար վերադառնալ Արցախ, քննարկումներ տեղական եւ ազգային իշխանութիւններու հետ։
Այս մէկը անոր երկրորդ այցն է Հայաստան 2020-ի պատերազմէն ի վեր, եւ եւրոպացի երեսփոխանի մը առաջին այցը այդ տարածք՝ Բերձորի միջանցքի շրջափակումէն ի վեր։
Փետրուար 11-ին ան Թուիթըրի իր հաշիւին կատարած է հետեւեալ գրառումը.
«Երէկ երեկոյեան ժամանեցի Հայաստան՝ Լաչինի միջանցքի մուտքին մօտ. Լեռնային Ղարաբաղ առաջնորդող այս միակ ուղին արդէն երկու ամիս է շրջափակուած է Ազերպայճանի կողմէ։ Այստեղէն քանի մը քիլոմեթր անդին հարիւր քսան հազար հայ խաղաղ բնակիչ կ՚ապրի աշխարհէն կտրուած, ամէն ինչէ զրկուած»։