Ամերիկացի ծերակուտական Ֆրէնք Փալոն՝ դատապարտելով թրքական բանակի հարուածները Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային շրջաններուն, յայտարարած է թէ՝ ամերիկեան F-16 կործանիչները պէտք չէ վաճառուին Թուրքիոյ։
«Էրտողան ռմբակոծեց քաղաքացիական ենթակառոյցներ, այդ կարգին՝ հիւանդանոց մը: Ահաւասիկ պատճառ մը եւս, որ ես աշխատիմ արգիլել F-16 կործանիչներու վաճառքը՝ Թուրքիոյ։ Էրտողանի յարձակման օրինակները ցոյց կու տան, որ մենք չենք կրնար անոր վստահիլ ամերիկեան ռազմամթերքը»,– Թուիթըրի իր էջին գրած է ամերիկացի դիւանագէտը։
***
Նշենք, թէ Նոյեմբեր 20-ին Թուրքիա օդային հարուածներ հասցուցած է Սուրիոյ եւ Իրաքի հիւսիսային շրջանները գտնուող քրտական տասնեակ թիրախներու։ Թուրքիոյ իշխանութիւնները յայտարարած են, որ ռազմական գործողութիւնը իրագործած են ի պատասխան անցեալ շաբաթ Պոլսոյ մէջ գործուած ահաբեկչութեան, որու հետեւանքով 6 հոգի մահացած էր եւ կային 80-է աւելի վիրաւորներ։ Թուրքիա այս կապակցութեամբ կը մեղադրէր «Քրտական բանուորական կուսակցութիւն – PKK» կազմակերպութիւնը եւ Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ անոր քոյր կառոյցները։ Սակայն վերջիններս հերքած էին պայթումին հետ իրենց առնչութիւնը։