Modern Website Header
Website Header with Working Banner

100 թոն պարէնային օգնութիւն պատրաստ է առաքուելու Արցախ

[20/01/2023] – Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Հայաստանի Գորիս քաղաքին մէջ պատրաստած է 100 թոն հիմնական պարէնային ապրանքի առաջին խմբաքանակը, պատրաստ՝ բաշխուելու Արցախի բնակչութեան, զոր Ազերպայճան 2022 Դեկտեմբեր 12-էն ի վեր ենթարկած է անմարդկային ցամաքային շրջափակման։

Միջազգային Կարմիր խաչի եւ ռուսական խաղաղապահ ուժերուն միջոցով փորձեր կը կատարուին ըստ կարելւոյն՝ արագ ապահովել այդ օգնութեան մատակարարումը։ Միաժամանակ հիմնադրամը կը նախապատրաստէ նաեւ բժշկական օգնութեան առաքումը Արցախ։

Արցախը կանգնած է մարդասիրական լուրջ ճգնաժամի առջեւ. Հիմնական սննդամթերքները սահմանափակ չափով կը տրուին: Դեղերը սկսած են պակսիլ. մանկական սնունդի չգոյութիւնը կը սպառնայ. կազն ու ելեկտրականութիւնը յաճախ կը խզուին։ Ազերպայճան կը յաւակնի ըլլալ «Եւրոպայի վստահելի գործընկերը», սակայն խուլ կը մնայ միջազգային յորդորներուն, որոնք կոչ կ՚ընեն իրեն անյապաղ վերցնելու շրջափակումը, որ կը հակասէ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի նկատմամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն (2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ հռչակագիր), ինչպէս նաեւ մարդասիրական բոլոր կանոններուն։

Այս օգնութեամբ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կ՚իրագործէ իր Հոգաբարձուներու խորհուրդի 2022 Դեկտեմբեր 27-ին ընդունուած որոշումը։ Ուրիշ առաքումներ ալ պատրաստութեան փուլին կը գտնուին։ 2021 եւ 2022 թուականներուն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը մարդասիրական բազմաթիւ ծրագրեր իրագործած է Արցախի մէջ՝ հարիւրաւոր բնակարաններու կառուցում եւ վերականգնում, 52 քմ. ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ճամբայի բացում, մասնաւորապէս վերջ տալու համար քաղաքային եւ գիւղական շարք մը համայնքներու կղզիացման, ինչպէս նաեւ՝ ջրամատակարարման, առողջապահական, կրթական, մշակութային եւ այլն ծրագրեր։

Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամի իր կարգին 2021 եւ 2022 թուականներուն Արցախի մէջ բաշխած է 210.000 պտղատու ծառի տնկի, 3.400.000 բանջարեղենի տնկի, 70 թոն ցորենի եւ գարիի սերմ, 10 թոն գետնախնձորի հունտ, 100 քառ. մեթրնոց 43 ջերմոց, փեթակներ, միաժամանակ շարունակելով օգնել Հայաստանի սահմանամերձ Սիւնիքի եւ Տաւուշի գիւղերուն։ Շնորհիւ վերջին Ֆոնեթոնին հանգանակուած նուիրատւութիւններուն՝ այս ամբողջ օգնութիւնը կարելի պիտի ըլլայ ընդլայնել 2023 թուականին:

«44-օրեայ պատերազմ»-էն յետոյ Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամը պարէնային ծրարներ տրամադրեց արցախցի աւելի քան 60 հազար տեղահանուածներուն։ Այս օգնութիւնը գանձատրուեցաւ հազարաւոր նուիրատուներու, ինչպէս նաեւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու, Ֆրանսայի տեղական իշխանութիւններու (քաղաքներ, նահանգներ եւ շրջաններ), Պասքերի Երկրի խորհրդարանի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ (200.000 եւրոյով):

Հայկական հիմնադրամը կոչ կ՚ընէ բարի կամքի տէր բոլոր անհատներուն եւ միութիւններուն աջակցելու Հայաստանին եւ Արցախին, նուիրատւութիւններու միջոցով*, ինչպէս նաեւ գործողութիւններով եւ նախաձեռնութիւններով՝ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի ընտրեալներուն եւ քաղաքական առաջնորդներուն դիմելով, որպէսզի անոնք շարժման մղեն ազգային եւ միջազգային իշխանութիւնները՝ անյապաղ վերջ տալու համար ազերպայճանական շրջափակման։

* Կրնաք նաեւ արձանագրուիլ «Հայաստան, ամէ՛ն ամիս» ամսական ապառիկ հանգանակութեան, հետեւեալ յղումով՝

https://www.fondsarmenien.org/l-armenie-tous-les-mois/