Modern Website Header
Website Header with Working Banner

110-րդ տարելիցը միջազգային խառնակ իրավիճակի մէջ

Մարդկու­թիւնը ծան­րա­գոյն ող­բերգա­կան օրեր կ՚ապ­րի։ Ուքրաինա, Կա­զա, Եթով­պիա, Սու­տան, Միան­մար… Սպանդ, եղեռ­նա­գոր­ծու­թիւն, մարդկու­թեան դէմ ոճիր, պա­տերազ­մա­կան ոճիր, ցե­ղային զտում, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն… հա­սարակ տե­ղիք կը դառ­նան։ Ոճիր­նե­րը գոր­ծադրող­նե­րը չեն դա­տուիր, յանցագործութիւննե­րը կ՚ար­դա­րա­ցուին, Պատժական միջազգային ատեանի դա­տախա­զին դէմ պատիժ կը սահ­մա­նուի։ Իսկ զո­հերը ի զուր ար­դա­րու­թիւն կը պա­հան­ջեն, խա­ղաղու­թեան կը տենչան։ 

Ցայ­սօր երե­սունչորս եր­կիր­ներ ճանչցած են Հայոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, սա­կայն, ճա­նաչումնե­րը պատ­ճառ չդար­ձան որ Ար­ցա­խի մէջ ցե­ղային զտում տե­ղի ու­նե­նայ։ Ոչ ալ պատ­ճառ դար­ձան որ այդ եր­կիրնե­րը ար­գելք հան­դի­սանան կամ պատիժներ սահ­մա­նեն Ազեր­պայճա­նի կամ անոր հրա­հան­գո­ղին դէմ։

Այսպէս, Մեծ եղեռ­նի 110-րդ տարելի­ցը կ՚ոգե­կոչենք ապա­գայի հան­դէպ անվստահ, անստոյգ հա­յեաց­քով։ Նոյ­նիսկ ող­բերգու­թիւնը, կո­րուստը, ցա­ւը ան­կա­րող դար­ձած են միաւո­րելու նա­հատակ­նե­րուն ժառանգ­նե­րը։ Ամ­բաստա­նու­թիւն, պա­ռակ­տում, մրցակ­ցութիւն, ատե­լու­թիւն, ան­միաբա­նու­թիւն դար­ձած են սովորական երեւոյթներ։ Դէ­պի ո՞ւր կ՚առաջ­նորդէ այս ու­ղին, յայտնի չէ։ Ցե­ղաս­պա­նուած ժո­ղովուրդ, որու ան­դամները ի­րարու հան­դուրժե­լու ան­կա­րող դար­ձած են։ 

110 տա­րի է Ապ­րիլ 24-ը աշ­խարհի չորս ծա­գերուն կը նշուի տար­բեր ձե­ւերով՝ լռու­թեամբ, սու­գի ու յար­գանքի քայ­լարշա­ւով, պա­տարա­գով, Ան­ծանօթ զի­նուո­րի յուշարձանի ան­մար կրա­կի ար­ծարծումով, կամ բո­լորո­վին պա­հան­ջա­տիրու­թեան քա­ղաքա­կան օրա­կար­գով։ Սա­կայն, այ­սօր պատ­կե­րը այլ է, յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նի մէջ, որ կը գտնուի ուղղա­կի Ազեր­պայճա­նի կող­մէ պա­տերազ­մի սպառ­նա­լիքի տակ։ Մի­ջազ­գա­յին քա­ղաքա­կան դրու­թեան ան­կա­յուն վի­ճակը կը ստի­պէ զգու­շա­ւոր ըլ­լալ, բո­լոր տե­սակի վտանգնե­րը նկատի ունենալ։

Սփիւռքի մէջ եւս, ան­ցեալի միա­տարր հա­մախմբու­մը, միաս­նա­կան ըն­կա­լու­մը չկայ։ Պէտք է հասկնալ այս ցրուածու­թեան պատ­ճա­ռը։ Եկե­ղեցին, կու­սակցու­թիւննե­րը, հա­մայնքա­յին կա­ռոյցնե­րը տա­կաւին պատ­րաստ չեն նոր քա­ղաքա­կան իրա­վիճա­կը ըն­կա­լելու եւ ըստ այնմ նոր ռազ­մա­վարու­թիւն մշա­կելու։ Այս­պէս, 110-րդ տա­րելի­ցը կը դի­մաւո­րենք տար­անջա­տուած, իւ­րա­քան­չիւր հա­մայնք՝ իր տե­ղական լու­ծումնե­րով։

Ժ.Չ. ■