Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան Էդմոն Մարուքեան Թուիթըրի իր էջին հրապարակած է Բերձորի փակ հատուածէն տեսանիւթ մը, ուր Պաքուի իշխանութիւններու «բնապահ»-ները կ՚ողջունեն ճամբուն կողքին, ցանկապատէն անդին կանգնած ազերի զինուորները։
«Նրանք տօնում են 120 հազար մարդու սովը։ Զզուելի»,– գրած է Մարուքեան։ ■