«ԻՊՊԻ Արմենիա»-ն՝ International Board on Books For Young People կազմակերպութեան հայկական ազգային մասնաճիւղը, մանկական գրականութեան՝ «Հանս Քրիսթիան Անտերսեն» միջազգային մրցանակ 2024-ի համար Հայաստանի կողմէ առաջադրած է Հանրապետութեան չորրորդ նախագահ Արմէն Սարգսեանի կնոջ՝ մանկագիր Նունէ Սարգսեանի թեկնածութիւնը:
Նշենք, թէ Մարտ 6-9 կայացած Պոլոնիոյ (Իտալիա) մանկական գիրքի միջազգային տօնավաճառի շրջանակին մէջ,– որուն մասնակցած են նաեւ »Խնկօ Ապեր» մանկական գրադարանի տնօրէնուհի, «ԻՊՊԻ Արմենիա»-ի (IBBY Armenia) նախագահ Ռուզան Տօնոյեան, «Զանգակ» հրատարակչութեան գործադիր տնօրէն Էմին Մկրտեան,– տեղի ունեցած է Նունէ Սարգսեանի «Կապոյտ գետաձիուկի և վարդագոյն մկնիկի արկածները» գիրքին շնորհահանդէսը։
Շնորհահանդէսին մասնակցող՝ տիկին Սարգսեանի 10-ամեայ թոռնուհի՝ Սաւաննա Սարգսեան, որ հատորին համահեղինակը, ինչպէս նաեւ նկարազարդումներու հեղինակն է, նշած է, որ փոքր տարիքէն մեծ մայրը իր մէջ սերմանած է գիրքերու հանդէպ սէրը: “Կ՚ուզեմ, որ բոլոր երախաները կարելիութիւնը ունենան գրելու, ժպտալու եւ գաղափարներ բաժնելու իրենց մեծ հայրերուն, մեծ մայրերուն կամ ծնողներուն հետ. այդ կ՚օգնէ ամրապնդելու ձեր երեւակայութիւնն ու կապը ընտանիքին հետ”,– ըսած է փոքրիկն Սաւաննա։
Ի դէպ, Նունէ եւ Սաւաննա Սարգսեան կը պատրաստեն «Կապոյտ գետաձիուկի եւ վարդագոյն մկնիկի արկածները» գիրքին շարունակութիւնը, որ վստահաբար ընթերցողը պիտի փոխադրէ հեքիաթներու հետաքրքրական աշխարհը:
Գիրքը լոյս տեսած է հայերէն, անգլերէն, իտալերէն եւ արաբերէն լեզուներով: