Ռուսաստանի գեղասահքի հաւաքականի կազմին մէջ հանդէս եկող 14-ամեայ հայ գեղասահորդուհի Ատելիա Պետրոսեան կանանց մենասահքի պատմութեան մէջ առաջին անգամ երկու քառակի Ռիթպըրկըր ցատք (օդին մէջ ուղղահայեաց շրջան) կատարած է։
Ան ծանօթ մարզիչ Էթերի Թութպերիձէի դուստրն է։ 14-ամեայ Ատելիա պատմական նուաճումը կատարած է Դեկտեմբեր 25-ին, Ռուսաստանի առաջնութեան ազատ ծրագրին մէջ։
“Ես հօրս կողմէ Հայ եմ: Վերջերս Հայաստան պատերազմին պարտուեցաւ, որու հետեւանքով Արցախը անցաւ Ազէրպայճանին: Շատ կ՚ուզեմ իմ կատարումներով ոգևորել ազգս, ու շատ կը փափաքիմ, որ Արցախը վերադարձուի Հայաստանին:
Ես, ցաւօք, Արցախ չեմ եղած, բայց սառի վրայ կը փափաքիմ յաղթանակ արձանագրել՝ յանուն իմ ազգին”,– իր ելոյթէն ետք ըսած է Պետրոսեան: