30 հազար արցախցի լքած է Հայաստանը

Արցախի խորհրդարանի երեսփոխան Դաւիթ Գալստեանի համաձայն՝ ոչ- պաշտօնական տուեալներով 30 հազար արցախցի լքած է Հայաստանը։ Ան ըսած է, թէ արցախցիները Հայաստանէն կը հեռանան աշխատանք չգտնելու եւ ընկերային այլ հարցերու պատճառով։ Անոնց մեծ մասը մեկնած է Ռուսաստան։

Գալստեան աւելցուցած է, թէ անոնք պատրաստ են վերադառնալու եթէ ընկերային բարենպաստ պայմաններ ստեղծուին իրենց համար։ «Այս մարդիկ երբեք չեն մոռնար Արցախը եւ կը պայքարին հայրենիք վերադառնալու իրաւունքի համար»,– ընդգծած է երեսփոխանը։