Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ քարտուղարին մեկնաբանութիւնը՝ Հադրութի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ սրբապղծման վերաբերեալ

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան յայտարարած է, թէ Հայաստան խստօրէն կը դատապարտէ ազերպայճանական վերահսկողութեան տակ անցած Հադրութ քաղաքի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ նկատմամբ վանդալական եւ սրբապղծման արարքները։

“Ադրբեջանի իշխանութիւնների կողմից ծրագրուած կերպով իրականացուող այս արարքները՝ ուղղուած Պաքուի վերահսկողութեան ներքոյ գտնուող տարածքներում հայկական կրօնական եւ պատմամշակութային կոթողներն աւերելուն եւ ինքնութիւնը կեղծելուն, այդ երկրի՝ ցեղապաշտ եւ կրօնական անհանդուրժողութեան յաջորդական դրսեւորումն է, եւ Արցախն առանց Հայի ու հայկական հետքի թողնելու հետեւողական քաղաքականութեան շարունակութիւնը:

Արցախում հայկական եկեղեցիների, մշակութային եւ կրօնական այլ յուշարձանների դէմ վայրագութիւնները կոպտօրէն խախտում են միջազգային իրաւունքի չափանիշերը, այդ թւում՝ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի կողմից 2021 Դեկտեմբեր 7-ին կայացուած հրատապ միջոցներ կիրառելու վերաբերեալ որոշումը:

Նշեալ դէպքը եւս մէկ անգամ վերահաստատում է հայկական կողմի պնդումներն առ այն, որ հրատապօրէն անհրաժեշտ է իրականացնել ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գնահատման առաքելութեան այցը Լեռնային Ղարաբաղ”,– նշած է ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ քարտուղարը։