Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ալիեւ.– “Սեպտեմբեր 13-էն ի վեր սահմանի ռազմավարական բարձունքները մեր վերահսկողութեան տակ են”

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Նոյեմբեր 8-ին Շուշիի մէջ ունեցած իր ելոյթին կրկին սպառնացած է Հայաստանին։

Ան ըսած է՝ Փառուխի, 2022 Օգոստոսի սկիզբի եւ Սեպտեմբեր 13-14-ի իրադարձութիւնները «պէտք է դաս ըլլան Հայաստանի համար»։

“Սեպտեմբեր 13-14-ի գործողութիւններէն ետք հայ-ազերպայճանական սահմանի հիմնական ռազմավարական բարձունքները Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ են։ Հայաստան պէտք է քաջ գիտակցի, թէ այդ ի՛նչ կը նշանակէ։ Ներկայիս բոլոր այդ ռազմավարական բարձունքներէն կը տեսնենք Սիսիանը, Կապանը, Գորիսը, Ջերմուկը, նոյնիսկ Սեւանայ լիճը մեր տեսադաշտին վրայ է։ Այս ամբողջը իրականութիւն է եւ այդ իրականութիւնը մենք ստեղծած ենք”,– յայտնած է ան։

Ալիեւ երեք հիմնական պատճառ նշած է, թէ ինչո՛ւ Ազերպայճան ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկած է։ Առաջինը, ըստ անոր՝ իբր «պատասխանած են Հայաստանի ռազմական գրգռութիւններուն», երկրորդը՝ կանխած են հետագային նմանատիպ գործողութիւնները, ինչպէս նաև նպատակադրած են Հայաստանին ստիպել կատարելու իր ստանձնած պարտաւորութիւնները։

“Մենք այնպիսի ջախջախիչ հարուած հասցուցինք, որ տակաւին ուշքի չեն եկած։ Նայեցէ՛ք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն։ Հայաստանի մէջ պէտք չէ մոռնան ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի դասը։ Անոնք պէտք է հասկնան, որ կրակի հետ խաղալը սուղ պիտի արժէ։ Եթէ ոեւէ մէկը այնտեղ (Հայաստանի մէջ – խմբ.)՝ ըլլայ իշխանութիւնը, ընդդիմութիւնը, թէ արտասահմանէն ուղարկուած պատրաստուած տարրերը կը խորհին մեզի վնասելու մասին, ապա անոնք կրկին պիտի տեսնեն մեր բռունցքը”,– ըսած է Ազերպայճանի նախագահը։

Ան նաեւ յայտարարած է, որ ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը Ղարաբաղի մէջ առժամեայ է․ “Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ նշուած է անոնց հոն մնալու պայմանաժամը։ Եւ եթէ անոնք (հայերը – խմբ․) ոեւէ մէկու վրայ յոյս կը դնեն, կրկին ողբերգութիւն պիտի տեսնեն”։

Ալիեւ կրկին անգամ խեղաթիւրելով իրականութիւնը, յայտնած է, թէ իբր Հայաստան պարտաւորութիւն ստանձնած է «տրամադրելու Զանգեզուրի միջանցքը եւ իր զօրքերը ամբողջութեամբ ետ քաշելու Ղարաբաղէն, սակայն այդ պարտաւորութիւնները չէ կատարած»։

Ան անդրադարձած է նաեւ Իրանին. “Մեր բանակը ցուցաբերած է հերոսութիւն, արհեստավարժութիւն և նուիրում: Եթէ պէտք ըլլայ, դարձեալ նոյնը ցոյց կու տանք եւ մեր ուզածին կը հասնինք: Ասիկա բոլորը գիտեն, բայց պէտք է իմանան անոնք, որոնք ռազմափորձեր կը կատարեն մեր սահմաններուն՝ ի պաշտպանութիւն Հայաստանի։ Մեզ ո՛չ ոք կրնայ վախցնել”,– ըսած է Ազերպայճանի ղեկավարը։

Ի վերջոյ՝ հայ-ազերպայճանական բախումներուն կրկին կրօնական երանգ տալով, Ալիեւ կոչ ըրած է իսլամական երկիրներուն զերծ մնալու Հայաստանի հետ յարաբերելէ։