Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Amnesty International.– Հայաստան եւ Ազէրպայճան որևէ յառաջընթաց չեն արձանագրած պատերազմական յանցագործութիւնները հետաքննելու ուղղութեամբ

Միջազգային իրաւապաշտպան Amnesty International կազմակերպութիւնը իր 2021/22 զեկոյցին մէջ նշած է, թէ ո՛չ Հայաստան, ո՛չ Ազէրպայճան որևէ յառաջընթաց չեն արձանագրած 44 օրերու ընթացքին տեղի ունեցած պատերազմական յանցագործութիւններն ու միջազգային մարդասիրական իրաւունքի այլ խախտումները հետաքննելու ուղղութեամբ։

Կազմակերպութեան՝ Մարտ 29-ին հրապարակուած տարեկան զեկոյցը կը պնդէ, թէ վերջին պատերազմէն ետք, Ազէրպայճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ աւելի քան հարիւր հոգի սպանուած է հայկական կողմին տեղադրած ականներուն պատճառով։ Միաժամանակ, զեկոյցը կը մէջբերէ Եւրոպայի խորհուրդի նախագահին խօսքերը, թէ՝ Երեւան Պաքուին յանձնած է ականապատ դաշտերու բոլոր քարտէսները, թէեւ Ազէրպայճան կը վիճարկէ անոնց ճշգրտութիւնը։

Զեկոյցը կը քննադատէ նաև Պաքուի իշխանութիւնները, արձանագրելով որ՝ անցեալ տարեվերջի դրութեամբ՝ Ազէրպայճանի մէջ կը պահուին հայաստանցի աւելի քան 60 գերիներ։ Կը յիշատակուի Եւրոպայի խորհուրդի քանի մը ամիս առաջ յայտնած մտահոգութիւնը թէ՝ այդ գերիները կը պահուին անմարդկային պայմաններու մէջ, անոնց նկատմամբ կը կատարուին անարդար, արագ դատավարութիւններ։ Միաժամանակ, կը նշուի, որ հայաստանցի շուրջ երեսուն գերիներու ճակատագիրը ցայժմ անյայտ է, եւ կան ենթադրութիւններ, թէ անոնք կրնան սպանուած ըլլալ։

Կազմակերպութիւնը կ՚անդրադառնայ պատերազմի հետեւանքով տեղահանուածներուն ալ։ Նշելով, որ բուռն մարտերէն ետք գաղթականներէն շատեր վերադարձած են Ստեփանակերտ ու հայկական կողմի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ՝ Amnesty International միաժամանակ դիտել կու տայ, որ շուրջ 36 հազար հոգի տակաւին տեղահանուած կը մնայ, եւ անոնց գերակշռող մասը ձգած է իր տունը այն տարածքներուն մէջ, որոնք այժմ կը գտնուին Ազէրպայճանի վերահսկողութեան ներքոյ։

 

Մտահոգիչ հաստատումներ նաեւ ներհայաստանեան իրավիճակին վերաբերեալ

Միջազգային կազմակերպութիւնը կ՚անդրադառնայ նաև ներհայաստանեան իրավիճակին, պնդելով, թէ խօսքի ազատութիւնը կը շարունակէ անարդար կերպով սահմանափակուած մնալ՝ իշխանութիւններու «ջանքերով»։

«Կառավարութիւնը անկախ լրասփիւռներու եւ քննադատական այլ ձայներու սահմանափակման ուղղուած օրէնսդրական քանի մը փոփոխութիւն կատարեց: Մարտին, Ազգային ժողովը նախատինքի եւ զրպարտութեան համար առաւելագոյն տուգանքը բարձրացուց 6 միլիոն դրամի (շուրջ 12.000 տոլար)։ Օգոստոսին օրէնսդրական փոփոխութիւններու ծրար մը եւս ընդունուեցաւ,– որ կը քրէականացնէ հասարակական գործիչներու ուղղուած վիրաւորանքը,– որու պատճառաւ այսուհետեւ կրկնուող վիրաւորանքները կը պատժուին մինչեւ երեք ամիս բանտարկութեամբ»,– արձանագրած է Amnesty International իր վերջին զեկոյցին մէջ։

Միջազգային կազմակերպութիւնը նաեւ նշած է, թէ կը շարունակուի եզիտի իրաւապաշտպան Սաշիկ Սուլթանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը։ «Շինծու» որակելով անոր դէմ յարուցուած գործը՝ Аmnesty կ՚արձանագրէ, թէ ան կրնայ երեքէն վեց տարի բանտարկութեան դատապարտուիլ՝ եզիտի փոքրամասնութեան հանդէպ իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը քննադատելուն համար։