Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՓԱՐԻԶ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի փոխնախագահին հետ

Ֆրանսայի Ծերակոյտի փոխնախագահ Ռոժէ Քառուչի Նոյեմբեր 8-ին ընդունած է աշխատանքային այցով Փարիզ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեանը։ 

Ան ջերմօրէն ողջունած է իր հայ հիւրը` վերահաստատելով Ֆրանսայի, մասնաւորապէս, Ծերակոյտի զօրակցութիւնը Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին:

Յ. Արշակեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ բարձր գնահատած Ֆրանսայի հասցէական, սկզբունքային եւ անաչառ դիրքորոշումը թէ՛ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին, թէ՛ ալ սեպտեմբերեան յարձակումներու ժամանակ եւ անոր յաջորդող շրջանին:

ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը ներկայացուցած է Սեպտեմբեր 13-ին կատարուած ազերպայճանական յարձակման եւ ներխուժման հետեւանքները, ընթացող բանակցային գործընթացը եւ Ազերպայճանի իշխանութիւններուն` Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ նկրտումները:

Բարձր գնահատելով ազերպայճանական վերջին ռազմական գործողութիւնները դատապարտող բանաձեւի մշակումը եւ Նոյեմբեր 15-ին նախատեսուող քուէարկութիւնը` Արշակեան ընդգծած է առարկայական աջակցութեան կարեւորութիւնը, որ պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ հաւասարակշռութեան եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման:

Հանդիպման աւարտին, ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահը Քարուչին հրաւիրած է Հայաստան: