Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճան Իրանի սահմաններուն մօտ ռազմափորձեր սկսած է

 

Ազերպայճանական բանակի յատուկ ստորաբաժանումները ռազմափորձեր սկսած են երկրի հարաւային սահմաններուն մօտակայքը։

Ազերպայճան հարաւէն սահմանակից է Իրանին, որուն բանակը եւս նախորդ օրերուն լայնածաւալ ռազմափորձեր կատարած էր Ազերպայճանին հետ սահմանային շրջաններուն մէջ։

«Ռազմափորձերուն մէջ ներգրաւուած հակօդային պաշտպանութեան ուժերը եւ հրթիռահրետանային զօրքերը կեդրոնացած են համապատասխան օդակայաններու եւ տարածքներու մէջ։ Կազմակերպուած է փոխադարձ գործակցութիւն այլ բաժիններու զօրքերուն հետ»,– նշուած է այս առթիւ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ, որ սակայն, զօքերու թիւին եւ օգտագործուող զինատեսակներու մասին այլ մանրամասնութիւններ չի հաղորդեր։