Modern Website Header
Website Header with Working Banner

CHW-ն Ղարաբաղի մէջ արձանագրած է Ազերպայճանի կողմէ ոչնչացուած 5, վնասուած 7 վայր. վտանգի տակ են 17-ը

«Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 4-րդ համաժողովին ելոյթ ունենալով Caucasus Heritage Watch-ի համաղեկավար Լոռի Խաչատուրեան յայտնած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի երեք հատուածներու մէջ առաւել տեսանելի են հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան հասցուած վնասները: Առաջին հատուածը կը գտնուի Շուշի քաղաքի եւ անոր շրջակայքին:

Երկրորդ հատուածը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարաւային շրջանին մէջ է, ուր նոր ճամբաներ կը կառուցեն: Վերջին ամիսներուն նաեւ Լաչինի շրջանի հայկական պատմամշակությային ժառանգութիւնը լուրջ սպառնալիքի տակ է:

“CHW-ն արձանագրած է՝ 5 ոչնչացուած, 7 վնասուած եւ 17 վտանգի տակ գտնուող վայրեր՝ սկսեալ այն օրէն, երբ  ծայր առաւ Լեռնային Ղարաբաղի 2-րդ պատերազմը: Մեր բացայայտումները փաստագրելէ ետք, մեր զեկոյցները ուղարկեցինք թէ՛ Ազերպայճանի, թէ՛ ալ Հայաստանի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովներուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցողներուն: Զեկոյցներ յղեցինք նաեւ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Պատժական միջազգային ատեանին մէջ ընթացող «Հայաստան ընդդէմ Ազերպայճանի» դատի փաստաբաններուն: Կը յուսանք, որ լայնօրէն տարածելով մեր բացայայտումները, կը կարողանանք կանխել հետագայ ոչնչացումները”,– նշած է Խաչատուրեան: