ԵՐԵՒԱՆ — «Հայաստանի մանուկներ» բարեսիրական հիմնադրամը (COAF) սկսած է յատուկ դրամահաւաք, Արցախի մէջ արգելափակուած երախաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն այս դժուարին օրերուն աջակցելու համար։ Հակառակ Արցախի ամբողջական շրջափակման, COAF կը մնայ հաւատարիմ իր առաքելութեան եւ կը շարունակէ մատուցել կենսական կարեւորութիւն ունեցող ծառայութիւններ, ինչպէս՝ հոգեբանական աջակցութիւն, լոկոփետական (հոգեկան ընկճումներով յառաջացած արտայայտութեան խնդիրներու բժշկութիւն), փոքր տարիքի կրթութիւն եւ ընկերային։
Կազմակերպութեան աշխատանքները Ստեփանակերտի մէջ սկսած են 2022 թվականէն՝ 3-6 տարեկան երախաներուն տրամադրելով նախադպրոցական կրթութիւն եւ լոկոփետական ծառայութիւններ, իսկ միւս խումբերուն՝ հոգեբանական եւ ընկերային ծառայութիւններ, որոնք կ՚օգնեն տեղացիներուն յաղթահարել տարածաշրջանին մէջ տիրող ճգնաժամը։ Իրավիճակի օրէ-օր վատթարացումը խիստ անբարենպաստ է երախաներուն՝ անոնց մէջ յառաջացնելով անձկութիւն, անքնութիւն, մղձաւանջներ եւ արտայայտուելու դժուարութիւններ։
COAF-ի նուիրեալ 9 անդամուհիներէն բաղկացած ստեփանակերտեան խումբը ըստ կարելւոյն կը փորձէ մեղմել վերջին պատերազմի կործանարար ազդեցութիւնը երախաներու բարւոքութեան վրայ։ COAF-ի հոգեբանական աջակցութեան ծրագրերը նպատակ ունին օգնելու երախաներուն յաղթահարելու հոգեբանական ցնցումները եւ մարտահրաւէրները։ Կրթական ծրագրերու բոլոր մասնագէտները հոգեբաններ են, որոնք կ՚ապահեն լաւագոյն խնամքը եւ աջակցութիւնը մեր երախաներուն։
Արցախի մէջ իրավիճակը կը շարունակուի վատթարանալ, այդ իսկ պատճառով COAF-ի գարնանային դրամահաւաքը նպատակ ունի յոյս արթնցնելու արցախցի մանուկներու եւ անոնց ընտանիքներուն մէջ եւ ապահովելու մեր համապարփակ ծառայութիւններու անխափան մատուցումը։ նուիրաբերելով COAF-ին, աջակիցները կրնան միանալ մեր շարժումին եւ երկար ժամանակի վրայ ներդրում կատարել արցախեան համայնքներու կայունութեան մէջ։ Այսպէսով, մենք պիտի կարենանք ցոյց տալ, որ այս համայնքները մոռցուած չեն, եւ մեծապէս դրական ազդեցութիւն ունենալ այնտեղի բնակիչներու կեանքին վրայ։ Փափաքողները կրնան միանալ դրամահաւաքին հետեւեալ յղումով՝ https://bit.ly/3UbteNi
«Հայաստանի մանուկներ» բարեսիրական հիմնադրամին մասին
«Հայաստանի մանուկներ» բարեսիրական հիմնադրամը (COAF) ոչ-շահութաբեր, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն է, որու նպատակն է բարձրացնել Հայաստանի գիւղական բնակչութեան կեանքի որակը՝ կեդրոնանալով մասնաւորապէս երախաներուն եւ երիտասարդներուն վերաբերող ծրագրերու եւ կարիքներու վրայ: COAF-ի զարգացման թիրախային ոլորտներն են կրթութիւնը, առողջապահութիւնը, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ տնտեսական զարգացումը: COAF-ի ծրագրերը սկիզբ առած են 2004-ին՝ մէկ գիւղով, այնուհետեւ ընդլայնուելով ամբողջ երկրի տարածքին՝ աւելի քան 60 գիւղերու ու համայնքներու մէջ ներդրելով աւելի քան 70 միլիոն տոլար՝ 100 000-էն աւելի գիւղաբնակ շահառուներու համար:
Կապ հաստատել՝
Հաղորդակցութեան բաժնի ղեկավար՝ Նանա Մարդոյեանի հետ
Ելգիր՝ nana.mardoyan@coaf.org
Հեռաձայն՝ +374 55 003 723