Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ – Գոլոնա՝ Միրզոյեանի հետ հանդիպման մասին

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարուհի Գաթրին Գոլոնա Հայաստանի իր պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ ունեցած հանդիպումին մասին կատարած է հետեւեալ գրառումը Թուիթըրի իր էջին.-

«Ֆրանսա վճռակամ է աշխատելու Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ՝ յարգելով Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը։

Ուրախ եմ ընդունելով իմ հայ պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանը, խորացնելու համար մեր բացառիկ երկկողմ յարաբերութիւնները»։