Զուիցերիոյ երկրորդ մեծագոյն դրամատան՝ Crédit Suisse-ի արձանագրութիւնները, անոնց ընդմէջէն՝ ամբողջ աշխարհէն քաղաքական գործիչներու գաղտնի ունեցուածքին մասին տեղեկութիւններ «արտածորած» են, ուրկէ ալ այս նոր գայթակղութեան անունը՝ «Crédit Suisse Leaks» («Crédit Suisse-ի արտածորումները»)։
Դրամատան արձանագրութիւնները բացայայտած է «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ եղծանման լուսաբանման նախագիծ»-ի (OCCRP) եւ գերմանական Süddeutsche Zeitung թերթի գլխաւորած հետաքննութիւնը վարող խումբը, որ աշխարհի 48 լրատու միջոցներուն հետ համագործակցելով՝ հետաքննած է զուիցերական դրամատան 18.000 հաշիւները, երբ անանուն աղբիւր մը թաքցուած գումարներուն մասին տեղեկութիւնը յայտնած է Süddeutsche Zeitung-ին:
Թաքցուած մնալու կոչուած հաշիւները կը պատկանին, ի շարս այլոց՝ Յորդանանի թագաւոր Ապտուլլահին, Վենեզուելայի նաւթային ղեկավարներու եւ Վատիկանի պաշտօնեաներու, համաշխարհային ծանօթ գործիչներու եւ… հայ ու ազէրպայճանցի քաղաքական դէմքերու:
Այս «արտածորում»-ներէն ի յայտ կու գայ, որ տարւոյս Յունուար 23-ին իր հրաժարականը ներկայացուցած ՀՀ նախկին նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ 2013-ին Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի դեսպան նշանակուելու ժամանակ օրէնքով պարտաւոր էր յայտարարել իր ունեցուածքը, իր կնոջ հետ շուրջ 11 միլիոն տոլարի համարժէք զուիցերական ֆրանք փոխանցած ըլլալով հանդերձ Crédit Suisse-ի հաշիւներուն, այդ գումարը չէ յայտարարած։
Այս լուրը հաղորդող oc-media կայքէջը յղում կատարելով հայաստանեան «Հետք»-ի հրապարակումին, որ Արմէն Սարգսեանէն խնդրոյ առարկայ գումարին մասին մեկնաբանութիւն խնդրած է, ամփոփ ըսուած՝ կը գրէ, թէ ՀՀ նախկին նախագահը ըսած է, թէ չէր գիտեր՝ ի՛նչը պէտք է յայտարարէր, եւ ինչը՝ ո՛չ։
Հետաքննութիւնը վարող խումբը նաեւ նշած է, որ Crédit Suisse-էն «արտածորած»-ներու մէջ կը գտնուին Հայաստանի 500 քաղաքացիներ կամ «Հայաստանի հետ կապուած անձեր», աւելցնելով որ՝ «Հետք» ի մօտոյ պիտի հրապարակէ անոնցմէ ոմանց անունները։