Յատկանշական է Նոյեմբեր 1-4-ին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին անդրադարձը եւ յայտարարութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական անցուդարձերուն մասին։
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կարգ մը բարձրաստիճան ղեկավարներ մասնաւորապէս Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք յաճախ քաղաքական դիրքորշումներ արտայայտած են։ Իբրեւ Հայաստանի քաղաքացի՝ այդ իրաւունքը ունին, թէեւ իրենց բարձրաստիճան պաշտօնը եւ առաքելութիւնը զիրենք պէտք է մղէին աւելի զուսպ ըլլալու։ Անոնց քաղաքական դիրքորոշումներուն հանրայնացումին անկասկած կ՚օգնէ արդի լրատւութիւնը, որ ծարաւ է հակադիր բեւեռներ փնտռելու եւ զանոնք սփռելու լայն հասարակութեան ուշադրութիւնը գրաւելու համար։ Այս առումով եկեղեցականները լաւ թիրախ են թէ՛ ծայրայեղ պահպանողական, թէ՛ ալ ժողովրդավարական ճակատի լրագրողներուն, որոնց համար կղերին պահպանողականութիւնը միշտ դիւրին շահարկելի նիւթ է։
Բայց եւ այնպէս, Գերագոյն խորհուրդի յայտարարութիւնը եկեղեցականի անհատական կարծիքը չէ, ոչ ալ լրագրական շահագրգռութեան պարագայ, այլ՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մեծաւորին նախագահութեամբ, Հոգեւոր խորհուրդին քառօրեայ խորին խորհրդակցութեան եւ խորհրդածութեան արգասիքը, ուր շատ հանդիսաւոր կոչ կ՚ըլլայ ՀՀ իշխանութիւններուն. «ամենայն ջանք ի գործ դնել ազգային մեր կեանքում բաժանարար գծերը վերացնելու, քաղաքական համոզմունքներով պայմանաւորուած խտրական մօտեցումները դադարեցնելու, ատելութեան եւ թշնամանքի մթնոլորտը յաղթահարելու, ազգային բոլոր շրջանակների ներգրաւմամբ բովանդակային առողջ երկխօսութիւն նախաձեռնելու ուղղութեամբ, որպէսզի կարելի լինի համազգային համախմբմամբ ապահովել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, վերականգնել տարածքային ամբողջականութիւնը, կանխել մարդկային ու տարածքային հնարաւոր նոր ցաւալի կորուստները եւ միջազգային հարթակներում հետեւողականօրէն պաշտպանել Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը»։
Հանդիսաւոր կոչը շատ աւելի առողջ պիտի ըլլար եթէ ուղղուէր բոլոր քաղաքական ուժերուն Հայաստանի եւ Սփիւռքի, որոնց մէջէն խորհրդարանական ընդդիմութիւնը անխնայ կերպով կ՚օգտագործէ հայութեան ու բարոյականին պատիւ չբերող բառապաշար, ինչպէս՝ «թուրքի զաւակ, դաւաճան, Փաշինօղլի…», ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իշխանութեան ղեկավարի հասցէին։ Եւ անկասկած շատ աւելի առողջ պիտի ըլլար եթէ Հայ Առաքելական եկեղեցին դաս տուողի դիրքերէն չխօսէր, նաեւ ինքնաքննադատութեան բաժին մը պահէր ինքն իրեն։ Մանաւանդ որ յայտարարութեան մէջ կան հատուածներ որոնց առաջին պատասխանատուն, հասցէատէրը, ինքը՝ Եկեղեցին է, ինչպէս երկրորդ պարբերութիւնը, ուր կ՚ըսուի թէ՝ «Մեծապէս անհանգստացած ենք մեր ժողովրդի կեանքում հոգեւոր-բարոյական արժէքների աղճատման, ինքնութեան ճգնաժամի, ներհասարակական բեւեռացուածութեան, ապագայի հանդէպ անորոշութեան ու տագնապի զգացումների ահագնացման, արտագաղթի տրամադրութիւնների աճի դրսեւորումներով, որոնք իրենց քայքայիչ ներգործութեամբ դժուարացնում են առկայ գոյաբանական մարտահրաւէրների յաղթահարումը»։ Եկեղեցին նո՞ր կը գիտակցի այս երեւոյթներուն. Անկախութենէն ի վեր չկայի՞ն անոնք. Եկեղեցին ինչո՞վ զբաղած էր մինչ այդ։ Զարմանալին այն է, որ արտագաղթի դրսեւորումները մա՛նաւանդ, միշտ եղած են եւ շատ աւելի ծանրակշիռ։ Իսկ այսօր հայրենադարձութեան միտումները եւս շատ են, յատկապէս Ռուսաստան-Ուքրաինա պատերազմով պայմանաւորուած։ Գերագոյն խորհուրդը ա՞յս աստիճան խզուած է իրականութենէն, որ խօսքը անգամ չըլլար Ռուսահայութեան կամ Ուքրաինահայութեան։
Ազգային համերաշխութիւնը՝ կոչերով, յայտարարութիւններով ձեռք չի ձգուիր. Եկեղեցին ի՛նք պէտք է ապահովէ այդ, ի՛ր գործունէութեամբ։ Առաջին օրինակը հանդիսանայ։ Իսկ ի՞նչ կը յուշեն գործնական քայլերը. բացի նախկին նախագահներուն ուղղուած հրաւէրէն, Եկեղեցւոյ քայլերը եղած են կողմնակալ, ինչպէս վերջին շրջանին Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովին մասնակցութեան մերժումը, Նոյեմբեր 5-ին խորհրդարանական ընդդիմութեան հանրահաւաքին մասնակցութիւնը… Իսկ Փութինի կողմէ Վեհափառին շքանշան շնորհուիլը որեւէ մեկնաբանութեան չի կարօտիր։ Բայց իսկապէս կարեւոր հարց է, որ համայն աշխարհի, երբեմն գաղափարապէս եւ էապէս իրարու չհանդուրժող երկիրներու,– ինչպէս՝ Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ու, Թուրքիոյ, Իրանի, Արաբական երկիրներու եւ Իսրայէլի…–, մէջ սփիւռք ունեցող Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ նման կառոյց մը, միայն նուազագոյն չափով զբաղի քաղաքականութեամբ եւ հետապնդէ իր հոգեւոր ու կրթական առաքելութիւնը։
Ժ.Չ. ■