Flyone Armenia եւ Pegasus օդային ընկերութիւնները ՀՀ Քաղաքացիական օդուժի կոմիտէէն արտօնութիւն ստացած են Երեւան-Պոլիս-Երեւան ոչ-կանոնաւոր թռիչքներու համար: Լուրը կը հաղորդէ News.am, որ այս մասին տեղեկացած է ՀՀ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարութենէն:
Յիշեցնենք, որ հայկական Flyone Armenia օդային ընկերութիւնը արդէն ստացած էր ՀՀ Քաղաքացիական օդուժի արտօնութիւնը Երեւան-Պոլիս-Երեւան չարթըր թռիչքներու համար եւ կը սպասէր թրքական կողմի արտօնութեան: Նախապէս ալ թրքական «Փեկասուս» օդային ընկերութիւնը դիմած էր Հայաստանի Քաղաքացիական օդուժի կոմիտէին նոյն երթուղիով թռիչքներ կատարելու արտօնութեան համար: Թրքական ընկերութիւնը մտադիր է շաբաթական 2 թռիչք ապահովել:
Նշենք, որ Դեկտեմբեր 16-ին Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու յայտարարած էր, որ Անգարա կ՚ուսումնասիրէ Պոլիս-Երեւան-Պոլիս թռիչքներու բացման վերաբերեալ թրքական եւ հայկական օդային ընկերութիւններու դիմումները: