Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Freedom House կը դատապարտէ Փաշինեանը վիրաւորելուն համար՝ Հայաստանի քաղաքացիի մը տուգանումը

Թուիթըրեան իր էջին կատարած գրառումով՝ միջազգայնօրէն համբաւաւոր Freedom House մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւնը յայտարարած է, թէ մեծապէս մտահոգուած է ՀՀ քրէական օրէնսգրքի՝ ծանր վիրաւորանքը քրէականցնող նոր դրոյթին կապակցութեամբ, որ կիրարկուած է ՀՀ քաղաքացիի մը նկատմամբ կայացուած առաջին դատավճիռին։

«Այս օրէնսդրութեան կիրարկումը, որու հիման վրայ միայն 2022-ին յարուցուած է աւելի քան 260 քրէական գործ, կը խորհրդանշէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական չափանիշերու ակնյայտ յետընթաց եւ երկիւղալի ազդեցութիւն կը գործէ ազատ արտայայտութեան վրայ։

Մենք անգամ մը եւս կոչ կ՚ընենք խորհրդարանին ջնջելու այս օրէնքը, որ կոպտօրէն կը խախտէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը, ԵԱՀԿ-ի նկատմամբ երկրին պարտաւորութիւնները, եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական համաձայնագրով ամրագրուած սկզբունքները, զորս որդեգրած է Հայաստան»,– նշուած է Freedom House-ի գրառման մէջ։