Հայաստանի Զբօսաշրջութեան կոմիտէի եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի World Heritage Review-ի համագործակցութեամբ՝ Google Arts and Culture հարթակին վրայ կը ցուցադրուի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Հայաստանի մշակութային երեք արժէքներէն մէկը՝ «Էջմիածնի մայր տաճար և եկեղեցիներ (Ս. Հռիփսիմէ, Ս. Գայիանէ, Ս. Շողակաթ) և Զուարթնոցի տաճարի հնավայրը»։
Զբօսաշրջութեան կոմիտէէն կը տեղեկացնեն, թէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ցանկին մէջ ներառուած Հայաստանի մշակութային երկու արժէք եւս մօտ օրէն պիտի տեղադրուի հարթակին վրայ։
Ցուցադրութիւնը կարելի է դիտել հետևեալ կապով.-