Ականազերծմամբ զբաղող HALO Trust միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնը Թուիթըրի իր էջին գրառումով հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ Բերձորի միջանցքի շրջափակման հարցով։
«Լրջօրէն մտահոգ ենք միջանցքի շարունակուող շրջափակումով։
Շրջափակումէն գրեթէ մէկ ամիս ետք կազմակերպութիւնը ուշադիր կը հետեւի այս արարքին մարդասիրական հետեւանքներուն։ HALO Trust-ի շուրջ 100 աշխատակիցներ Արցախ կը գտնուին։
HALO Trust կը յուսայ խնդրին արագ լուծումը եւ կը շարունակէ մնայուն կապի մէջ մնալ մարդասիրական այլ կազմակերպութիւններու հետ՝ անհրաժեշտ պարագային մարդասիրական օգնութիւնը համակարգելու համար»,– նշուած է գրառման մէջ: