Human Rights Watch-ը «Ամերիկայի Ձայն»-ի հարցումին ի պատասխան՝ կոչ ըրած է Ազերպայճանի իշխանութիւններուն «համաներում կիրարկելու» Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի հայ գերիներուն նկատմամբ, որոնք մասնակցած կամ աջակցած են 1990-ականներու կամ 2020-ականներու ռազմական գործողութիւններուն։
Կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերու փոխտնօրէնուհի Ռաշել Տենպէր նշած է.
«Միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համապատասխան՝ մենք Ազերպայճանին կոչ ըրած ենք լայն համաներում կիրարկելու Ղարաբաղի հայերու նկատմամբ, որոնք բանտարկուած են բացառապէս ռազմական գործողութիւններուն իրենց մասնակցութեան կամ աջակցութեան համար։
Ազերպայճան ունի իր քրէական արդարադատութեան համակարգը քաղաքական հակառակորդներուն դէմ օգտագործելու նախադէպ, եւ սա մտահոգութիւն կը պատճառէ, որ Ռուբէն Վարդանեան արդար դատավարութեան պիտի չարժանանայ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։