Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Human Rights Watch.– Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները սառնամանիքի մէջ մնացած են առանց ջեռուցման

Human Rights Watch-ի Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժինի փոխտնօրէն Կիորկի Կոկիա Թուիթըրեան իր էջին գրած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները Ազէրպայճանի կողմէ վերահսկուող տարածքէն անցնող կազատարի խափանման պատճառով երկու շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով առանց ջեռուցման մնացած են սառնամանիքի մէջ։

«Կազի խզումը կը վերաբերի նաեւ կրթական հաստատութիւններուն, ներառեալ՝ մանկապարտէզներուն եւ դպրոցներուն, որոնք փակ են, քանի որ անկարելի է զանոնք տաքցնել։ Անհրաժեշտ են անմիջական քայլեր՝ հետագայ մարդասիրական ճգնաժամէն խուսափելու համար»,– ընդգծած է Կոկիա: