«Ասպարէզ» – Նիւ Եորքէն արուեստագէտ Թալին Սեդրակեան անցեալ ամիս լուսարձակի տակ առած էր այն իրողութիւնը, որ աշխարհահռչակ հայ արուեստագէտներ Արշիլ Կորքիի եւ Յովհաննէս Այվազովսքիի հայկական արմատներ ունենալը կը ծածկուի Նիւ Եորքի հեղինակաւոր թանգարաններէն The Metropolitan-ի եւ MoMA-ի կողմէ։
Սեդրակեան կը գրէ, թէ բողոքի նամակներուն շնորհիւ, The Metropolitan-ը արդէն իսկ սրբագրած է սխալը եւ հաստատած է, թէ Այվազովսքի Հայ է եւ ոչ թէ Ուքրաինացի, այլ ծնած է Ուքրաինայի մէջ։ Թանգարանը նաեւ աւելցուցած է յայտնի ծովանկարիչին հայկական անունը՝ Յովհաննէս Այվազեան։ Թանգարանը նաեւ յիշեցուցած է, թէ Այվազովսքի մաս կը կազմէր Ուքրաինայի հայկական վաղեմի հայկական համայնքին։
Սակայն, MoMA-ն ցարդ յամառօրէն կը մնայ իր սխալին վրայ։ Անոր դէմ բողոքի արշաւին միանալու համար կարելի է դիմել թանգարանին՝ information@moma.org հասցէին միջոցաւ։