Modern Website Header
Website Header with Working Banner

MIT-ի դասախօս.- “Կ՚ամչնամ, որ Պայրաքթար մեր քով կրթութիւն ստացած է”

Մասաչուսեցի արհեստագիտութեան հիմնարկին մէջ (Massachusetts Institute of Technology – MIT) բնագիտութեան ամերիկացի դասախօս (ծագումով շուէտացի) Մաքս Թեկմարք գերմանական «Handelsblat» թերթին տուած հարցազրոյցին՝ յայտարարած է, թէ կ՚ամչնայ, որ Սելչուք Պայրաքթարը իրենց քով կրթութիւն ստացած է։ Վերջինս, Արցախի մէջ աւերներ գործած անօդաչու սարքերու գլխաւոր ճարտարապետերէն է ու նաեւ փեսան՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի։

Ամերիկացի գիտնականին այս խօսքերէն զայրացած, Պայրաքթար Twitter–ի իր էջին պատասխանած է անոր. «Մասաչուսեցի մէջ աշխատող ոմն ակադեմիկոս, որու անունը առաջին անգամ կը լսեմ,  Ղարաբաղի պատերազմի ընթացքին ըսեր է, թէ կ՚ամչնայ, որ ինծի՝ իրենց քով կրթութիւն տուած են։ Թող ԱՄՆ-ն ամչնայ իր գործած կոտորածներուն ու ցեղասպանութեան համար։ Մենք մեր հողերը ետ առինք եւ ատով միայն հպարտութիւն կը զգանք»։

Ինչպէս Պայրաքթարի պատասխանէն ալ ի յայտ կու գայ, ըստ երեւոյթին՝ Թեկմարք այս արտայայտութիւնը ունեցած է Արցախեան պատերազմի օրերուն,  բայց լուրը միայն ներկայիս լայն տարածում գտած է։