Modern Website Header
Website Header with Working Banner

New York Times դատի դիմած է Ուրսուլա վոն տեր Լեյէնի եւ Pfizer-ի միջեւ SMS-ներու հարցին կապակցութեամբ

 

New York Times թերթը դատի տուած է Եւրոպական յանձնաժողովը այն հիմքով, որ ան չէ հրապարակած իր նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լեյէնի եւ Pfizer դեղագործական հսկայի գործադիր տնօրէնին միջեւ փոխանակուած SMS-ները պսակաձեւ ժահրի համաճարակի ամբողջ ընթացքին:

New York Times՝ 2021 Ապրիլին առաջին բացայայտողը եղած էր SMS-ներու այս հարցը։ Կասկածները կը վերաբերին Ուրսուլա վոն տեր Լեյէնի եւ Pfizer-ի գործադիր տնօրէն Ալպերթ Պուրլայի միջեւ փոխանակուած SMS-ներուն՝ պսակաձեւ ժահրի  դէմ պատուաստանիւթերու 1,8 միլիառ չափաբաժինի պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու վերաբերեալ:

Երբ netzpolitik.org լրատու կայքի լրագրող մը խնդրած է ծանօթանալ խնդրոյ առարկայ պատգամներու բովանդակութեան, Եւրոպական յանձնաժողովը պատասխանած է, որ այդպիսի բան չէ նկատուած եւ այլեւս կարելի ալ չէ գտնել:

Յանձնաժողովի այս յայտարարութիւնները պատճառ դարձած են, որ ԵՄ-ի միջնորդ (médiatrice) Էմիլի Օ’Ռեյլի բողոքէ 2022 Յունուարին եւ կոչ ընէ Եւրոպական Միութեան գործադիրին, որ աւելի մանրակրկիտ որոնում կատարուի խնդրոյ առարկայ SMS-ները յայտնաբերելու համար: 

Բայց այս խնդրանքն ալ արդիւնք չէ տուած, ինչ որ նոյն միջնորդը մղած է յայտարարելու, որ «SMS-ները գտնելու կամքի բացակայութիւնը ազդանշան մըն է»։

Այս զարգացումներու լոյսին տակ է, որ New York Times ի վերջոյ որոշած է իրաւաբանական միջոցներու դիմել։