Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Newmag Winter Fest»-ը եօթը նոր գիրք ներկայացուցած է ընթերցողներուն

Փետրուար 19-ին՝ գիրք նուիրելու օրը, Երեւանի մէջ, Newmag-ի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է գիրքի ձմեռային փառատօն՝ «Newmag Winer Fest 2022»-ը, ներառելով քննարկումներ, շնորհահանդէսներ, գիրքերու վաճառք։  

Newmag չորս տարուան ընթացքին հրատարակած է եօթը տասնեակ գիրք, հայկական և համաշխարհային best-seller-ներ, որոնք տարբեր մրցանականերու արժանացած են:

«Newmag»-ի հրատարակչութեան գլխաւոր տնօրէն Արտակ Ալեքսանեան նշած է, թէ երբ սկսած են պատրաստուիլ փառատօնին, հիմնական շեշտը փորձած են դնել ոչ-գեղարուեստական գրականութեան վրայ։

Ան ըսած է, թէ այս տարուան փառատօնին եօթը նոր գիրք կը ներկայացուի, որ ինքնին մրցանիշ մըն է, նկատի ունենալով որ մէկ օրուան մէջ այդ քանակով գիրք կը հրամցուի ընթերցողին։ 

“Այդ եօթը գրքերն այպէս, թէ այնպէս կապ ունեն, առնչւում են Հայերին ու Հայաստանին։ 2020 թուականի պատերազմը և պարտութիւնը մեզ ստիպում են այլ հայեացքով նայել ինքներս մեզ։ Վերջին 100 տարում մեզ հետ պատահած ամենամեծ ողբերգութիւնն ամբողջութեամբ փոխել է մեր ընկալումները։ Այդ պատճառով գրականութիւնը ևս պէտք է այդպիսին լինի։ Աւելի՛ն՝ այն պէտք է սկսուի հէնց գրականութիւնից”,– յայտնած է Արտակ Ալեքսանեան։