Soli-Tutti (մերկ ձայնային-a capella թեքումով) երկսեռ համոյթի վերամուտը կը թուի ըլլալ ծանրաբեռնուած, ըստ անոր հիմնադիր եւ տնօրէն Տընի Կոթեյրիի, որ կը շարունակէ փորձերը արհեստավարժ իր տասներկու երգիչներուն հետ։
Ձայնային այս ինքնատիպ համոյթը, որ ի մօտոյ պիտի նշէ իր 35-ամեակը (ստեղծուած՝ 1988-ին), վերջին օրերուն կը գրաւէ մեր ուշադրութիւնը, քանի որ ան Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14-ին համերգ մը պիտի տայ հայ կաթողիկէներու Փարիզի Սուրբ Խաչ տաճարին մէջ (13, rue du Perche, 75003 – ծանուցումը տե՛ս. էջ 8), ապա պիտի մեկնի Հայաստան բացառիկ շրջապտոյտի մը համար՝ Երեւան, Գիւմրի, Դիլիջան եւ Վանաձոր։
Soli-Tutti-ն աշխարհի բեմերուն վրայ կը ներկայացնէ «Փարիզ 8» համալսարանը. ան կ՚օգտուի Սէն – Սէն-Տընիի Նահանգային խորհուրդի, Սէն – Սէն-Տընիի համալսարանի, Densité 93 ընկերակցութեան աջակցութենէն, եւ կը կազմակերպէ փոխանակումներ միջազգային կառոյցներու հետ՝ արտասահմանի մէջ համերգներ տալով եւ Ֆրանսայի մէջ ալ հիւրընկալելով այցելու երգչախումբեր: Ուրեմն, պատկերացուցէ՛ք՝ այսպէս քանի՜ համերգ տրուած է Ֆրանսայի եւ արտասահմանի մէջ։ Ամէնէն իւրայատուկ պահերէն նշենք համերգները՝ Փորթուկալի մէջ (1998 Մարտին), Անգլիոյ (1998 Ապրիլին), Մոնրէալի (1999 Ապրիլին), Ֆինլանտայի (2002 Յուլիսին), Թայվանի (2005 Ապրիլին), Ռումանիոյ (2005 եւ 2007 թուականներուն), Սպանիոյ (2000- եւ 2010 թուականներուն), Պուէնոս Այրէսի (2009-ին), Թոքիոյի (2012-ին), Պոլսոյ (2013 եւ 2015 թուականներուն), Պասքերու երկրին (2015 Մայիսին), Աքատիոյ եւ Քեպէքի (2016 Ապրիլին), Սիպիրի (2019-ին), Փորթօ Ռիքոյի մէջ (2020-ին)։
“Մենք պէտք է Հայաստան երթայինք 2020 Սեպտեմբերին։ Ցաւօք, պատերազմը մեզի թոյլ չտուաւ աւարտին հասցնել մեր ծրագիրը”,– կը բացատրէ Տընի Կոթեյրի՝ շարունակելով.– “Սեպտեմբեր 14-ին կայանալիք համերգին նպատակը միջոցներ հայթայթելն է՝ 2023-ին, Ֆրանսայի մէջ հիւրընկալելու համար Հայաստանէն երգչախումբ մը՝ Rencontres Chorales Internationales de Seine-Saint-Denis-ի շրջանակին մէջ”։
Հայաստան այցը հին երազանք է. այս նախաձեռնութեան առանցքային դերակատարներէն մէկն է համոյթի նախագահ Նաթալի Տանաճեան։
“Մենք ի սկզբանէ կը փափաքէինք հրաւիրել Հայաստանը, բայց այնքան ալ դիւրին չէր կապ հաստատել։ Հինգ տարիէ ի վեր, մեր երգիչներէն մէկը՝ Առնօ Խաչերեան, այդ ուղղութեամբ թանկարժէք օգնութեան ձեռք կը մեկնէ մեզի։ Բացի ատկէ, մեր կապերէն մէկը, որ կ՚ապրի Պորտօ, եւ նոյնպէս հայ է, աջակցեցաւ մեզի այս ծրագրի իրագործման մէջ”։
Այսպէս, երիտասարդ բարեկամներու աջակցութեան շնորհիւ, երկու տարուան յետաձգումէ ետք կ՚իրականանայ Հայաստան մեկնելու եւ հայկական երգչախումբ մը հրաւիրելու ծրագիրը։
“Հայաստանը երկիր մըն է, ուր ձայնային երաժշտութիւնը ամուր արմատներ ունի։ Մեզի համար պատիւ է հազարամեայ այս երկրէն երգչախումբ մը ներկայացնել Ֆրանսայի մէջ”։ Որոշուած է հրաւիրել Գիւմրիի «Խազեր» ձայնային համոյթը։ Ան, տասը օր պիտի հիւրընկալուի Ֆրանսայի մէջ 2023 Յունիսին, եւ համերգներով հանդէս պիտի գայ Սէն – Սէն-Տընիի, բայց նաեւ Փարիզի մէջ։
Տընի Կոթեյրի գրեթէ կատարելապէս ծանօթ է հայկական ժողովրդական եւ աւանդական երաժշտութեան եւ իր հայ ընկերներուն հետ յաճախ կ՚երգէ հայկական ծանօթ մեղեդիներ:
Soli-Tutti-ի երգացանկը բացառապէս դասական է, ժողովրդական եւ աւանդական: Սեպտեմբեր 14-ի համերգին մենք հաճոյքը պիտի ունենանք ունկնդրելու հայկական երեք երգ, որոնցմէ մէկը՝ երգչախումբի անդամներէն մէկուն վերամշակումով։ Յայտագրին մնացեալ մասը նուիրուած է երգացանկին այն զանազան երկրներուն, որոնց հետ Soli-Tutti փոխանակումներ ունեցած է վերջին երեսունհինգ տարիներու ընթացքին. Քսենաքիսի սքանչելի գործեր, սպանական, ռուսական, լեհական ստեղծագործութիւններ եւ այլն:
Քաջալերելու համար այս հիանալի համոյթը, եկէք մեծ թիւով ներկայ ըլլանք Սեպտեմբեր 14-ի համերգին, ծափահարելու՝ երգիչները, եւ անոնց ցուցաբերելու՝ մեր բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը:
Մենք վերստին հանդիպում պիտի ունենանք Տընի Կոթեյրիի, բայց նաեւ անոր երգչախումբի որոշ անդամներուն հետ՝ Հայաստանէն վերադարձին, որ մեզի հետ բաժնեն իրենց տպաւորութիւնները:
Շ.Մ. ■
Նկարը՝ Soli-Tutti՝ Փորթօ Ռիքոյի մէջ