Թուրք լրագրողը կոչ ըրած է աջակցելու Իրանի 35 միլիոն Թուրքերուն՝ ընդդէմ Իրանի

Թրքական TGRT Haber հեռատեսիլի լուրերու մեկնաբան Էքրեմ  Աչըքել Իրանի թրքախօս Ատրպատական նահանգին մէջ իշխանութիւններու դէմ սկսած բողոքի ցոյցերուն իր աջակցութիւնը յայտնելով՝ բոլոր Թուրքերուն նոյնը ընելու կոչ ըրած է։

Թուրք լրագրող–մեկնաբանը պնդած է, որ Իրանի Ատրպատական նահանգին մէջ 35 միլիոն Թուրք կ՚ապրի, որոնք իրենց եղբայրներն են։ Ըստ անոր, Իրանի Թաւրիզի Թուրքերը կը փափաքին ազատութիւն, թրքական պետութիւն, հետեւաբար պէտք է յարգել անոնց իրաւունքները։