«Who’s Who-ին հետ պիտի հիմնենք ազդեցութեան նոր լրասփիւռ մը»
Ֆրանսահայ ազգային ծանօթ գործիչ, Mediaschool-ի ու «CB News»-ի, «Strategies»-ի եւ «Journal du Luxe»-ի սեփականատէր «AdMediaGroup»-ի հիմնադիր-նախագահ Մուրատ Փափազեան Ապրիլ 12-ին յայտարարած է, թէ գնած է «Who’s Who» աշխարհառչակ տարեգիրքի, կամ այլ խօսքով՝ անձերու բառարանի, ֆրանսական հրատարակութիւնը: Այս «մեծ կարմիր գիրքը» Ֆրանսայի մէջ լոյս կը տեսնէ 5.000 տպաքանակով, եւ անոր վերջին հրատարակութիւնը կը պարունակէ շուրջ 22.000 անուն։ «Who’s Who»-ի ֆրանսական հրատարակութիւնը ցայժմ կը պատկանէր Մարտ 13-ին յանկարծամահ եղած Անթուան Հեպրարի, որու հետ քանի մը շաբաթէ ի վեր բանակցութիւններ կ՚ընթանային տարեգիրքի սեփակատիրութեան յաջորդութեան շուրջ։
Այս առիթով, CB News հարցազրոյց մը կատարած է Մուրատ Փափազեանի հետ, իմանալու համար այս գործառնութեան ծագումին, պատճառներուն, ինչպէս նաեւ հեռանկարներուն մասին:
CB News – Ինչո՞ւ գնեցիք «Who’s Who»-ն։
Մուրատ Փափազեան – Այս ձեռքբերումով իմ յաւակնութիւնն է ստեղծել ազդեցութեան տէր լրասփիւռի նոր համակարգ մը: Who’s Who-ն ազդեցութեան մեծ ուժ ունեցող միջազգային անուն մըն է: Այս «ապրանքանիշ»-ին ընդլայնման եւ փոփոխման կարելիութիւնները բազմաթիւ են։ Մենք պիտի կազմակերպենք անդամներու համար առցանց ուրախ պահեր, ընթրիք-բանավէճեր, բացառիկ ձեռնարկներ… Կը պատրաստուինք Who’s Who-ն բանալու Ֆրանսայի շրջաններու անհատականութիւններու եւ տաղանդներու: Մենք նաեւ կը մտածենք ստեղծել «Who’s Who Studio» մը, տեսանիւթեր արտադրելու եւ գոյություն ունեցող առցանց հարթակը սնուցելու համար անհատականութիւններու հարցազրոյցներով, լուսանկարներով, «Studio Harcourt»-ի օրինակով: Հետապնդուած նպատակն է արժեւորել մեր տնտեսական, մշակութային, գեղարուեստական հարստութիւնը… եւ ստեղծել ազդեցութեան նոր լրասփիւռ: Who’s Who-ն ունի ֆրանսական ամենաազդեցիկ շրջանակներու մաս կազմելու ներուժ: Who’s Who-ի մէջ յայտնուիլը մեծագոյններու եւ լրասփիւռներու կողմէ ճանչցուած ցանցին մաս կազմելու եւ մասնագիտական տուեալ ոլորտի մը մէջ որպէս արժանաւոր համարուելու երաշխիք է: Գործարար այրերն ու կիները, ընկերութիւններու ղեկավարները, արուեստագէտները, լրագրողները, մամլոյ ղեկավարները, թափուր պաշտօններու համար թեկնածու որոնող մասնագէտները, հիմնարկութիւններն ու նախարարութիւնները ամէն օր կ՚օգտուին Who’s Who-էն, արհեստավարժական նպատակներով: Յաջորդական հրատարակութիւններէ ետք, վստահելի տուեալներու անփոխարինելի աղբիւր դարձած է ան, ամենաբարձր մակարդակով հաղորդակցութեան անհատական տուեալներ ձեռք բերելու, միանալու ստուար ցանցի մը, կապեր հաստատելու, հանդիպումներ կազմակերպելու…
Արդեօք անհրաժեշտ չէ՞ «երիտասարդացնել» Who’s Who-ի յաճախորդներու շրջանակը եւ «բանալ» զայն:
Մուրատ Փափազեան.- Կարեւոր է լոյս սփռել երիտասարդ տաղանդներու վրայ, որոնցով հարուստ է Ֆրանսա: Սա մեր նպատակներէն մէկն է։ Մենք կը պատրաստուինք աւելի ծանօթացնելու Who’s Who ապրանքանիշն ու անոր էութիւնը երիտասարդութեան մէջ, որ ընդհանրապէս կ՚անգիտանայ «մեծ կարմիր գիրքի»-ն ազդեցութեան ուժը: Who’s Who-ի մէջ ըլլալը մեծ հպարտութեան աղբիւր է՝ երիտասարդներուն եւ նուազ երիտասարդներուն համար:
Ինչպիսի՞ համագործութիւն կրնայ ըլլալ AdMediaGroup-ի բաղադրիչներուն հետ (CB News, Strategies, Journal du Luxe եւ այլն)
Մուրատ Փափազեան – Մեր տիտղոսները բոլորն ալ ազդեցիկ լրասփիւռներ են, որոնք ուղղուած են որոշում կայացնողներուն, ղեկավարներուն, գործարար առաջնորդներուն, հաղորդակցութեան, գովազդի, լրասփիւռներու, շքեղանքի եւ նորաձեւութեան մասնագէտներուն: Who’s Who-ի հետ մենք հիանալի կերպով կը լրացնենք CSP+-ի (գնելու բարձր կարողութեան տէրերու շրջանակ) եւ ազդեցիկ համայնքներու լուսաբանումը: Who’s Who-ն միջազգային ճանաչում ունեցող ցանց է՝ զարգացման անսահման ներուժով: Մենք համագործակցութիւն պիտի կազմակերպենք մեր բոլոր լրասփիւռներուն միջեւ։ Who’s Who-ի մուտքը խմբաւորում՝ աւելի հզօր պիտի դարձնէ մեր լրասփիւռները, որոնք իրենք ալ պիտի սատարեն Who’s Who-ի նպատակին, յատկապէս ձեռնարկներու մակարդակին: Մենք պիտի կարենանք ստեղծել թուային եւ լսատեսողական բովանդակութեան ստեղծման հարթակ մը՝ ա՛լ աւելի հարստացնելու համար մեր լրասփիւռներու խմբագրական ազդեցութիւնը: Մէկ խօսքով, հասկցաք՝ գրաւիչ արկածախնդրութիւն մըն է, որ դեռ նոր կը սկսի։