Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Wizz Air ընկերութիւնը Հայաստանէն դէպի եւրոպական 8 քաղաքներ նոր թռիչքներ պիտի կատարէ

Հունգարական Wizz Air օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարած է Հոկտեմբերէն սկսեալ Հայաստանէն դէպի եւրոպական 6 երկիրներու 8 քաղաքներ նոր թռիչքներ սկսելու մասին։

Լուրը կը հաղորդէ ընկերութիւնը Դիմագրքի իր էջին գրառումով։

«Գիները կը սկսին ընդամէնը 29,99 եւրոյէն։ Սա նոր մեծ քայլ մըն է ճամբորդութիւնները բոլորին համար աւելի մատչելի դարձնելու համար»,– յայտարարած է օդանաւային ընկերութիւնը։

Wizz Air Երեւանէն թռիչքներ պիտի կատարէ հետեւեալ ուղղութիւններով. Համպուրկ, Մեմինկեն (Գերմանիա), Նափոլի, Պառի (Իտալիա), Պուքրէշ (Ռումանիա), Փաֆոս (Կիպրոս), Նիս (Ֆրանսա), Փրակա (Չեխիա)։