Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«YouTube»-ը արգիլած է թուրք դեսպան Պաղըշի Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող տեսանիւթը

«YouTube»-ը արգիլած է այն տեսանիւթը, ուր Չեխիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Էկեմէն Պաղըշ կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը: 

Կը հաղորդուի, որ 2020 Ապրիլին նկարահանուած տեսանիւթը նախ հեռացուած է թրքական կայքէջի մը YouTube-ի ալիքէն:

Աւելի ուշ, Պաղըշ այդ նոյն տեսանիւթը տեղադրած է YouTube-ի իր անձնական ալիքին վրայ: Միջազգային տեսահարթակը անգամ մը եւս արգիլած է նշեալ տեսանիւթը: Իբրեւ արգելքի հիմնաւորում՝ նշուած է այնտեղ առկայ ատելութեան խօսքը: