Ազգային ժողովը Յուլիս 4-ին սկսած է քննարկել «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխաններ Սեյրան Օհանեանի եւ Արծուիկ Մինասեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու համաձայնութիւն տալու՝ գլխաւոր դատախազի դիմումը:
Գործը առնչուած է Սեյրան Օհանեանի՝ Պաշտպանութեան նախարար եղած տարիներուն Սեւան ազգային ճեմապարտէզի պետական հողատարածքը գրաւելու, այդտեղ առանց իրաւունքի առանձնատուն կառուցելու մեղադրանքին:
Նա՛եւ ըստ մեղադրանքին՝ այդ տարածքին 5 տարի ծառայած են ռազմական ոստիկանութեան ծառայողները: Լսելով գլխաւոր դատախազին դիմումը՝ Ազգային ժողովի նախագահը արձագանգած է. “Փաստօրէն Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին ռազմական ոստիկանութեան ծառայողներին տարել են Սեյրան Օհանեանի տունը հսկելու”։
Նշենք, որ Արծուիկ Մինասեան ալ կը մեղադրուի Սեյրան Օհանեանի ամառանոցին առնչուող արտօնութիւններ տալուն համար:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։