Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազգային ժողովի խորհուրդը մէկ շաբաթ յետաձգած է 22 ընդդիմադիր երեսփոխաններու լիազօրութիւնները դադրեցնելու դիմումը

 

Յունուար 13-ին, «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեան՝ Ազգային ժողովի խորհուդի նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնած է, թէ Խորհուրդը մէկ շաբաթ յետաձգած է 22 ընդդիմադիր երեսփոխաններու լիազօրութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ Սահմանադրական դատարան դիմելու հարցը, նկատի ունենալով որ նիստին չեն մասնակցած ընդդիմադիր երեսփոխանները։

Միաժամանակ Կոնջորեան ըսած է, թէ իրենց քաղաքական ուժը չի պատրաստուիր դիմելու Սահմանադրական դատարան՝ յարգելով ընդդիմադիր կուսակցութիւններու օգտին Հայաստանի քաղաքացիներու քուէն։

“Մենք խմբակցութիւնում քննարկել ենք այս հարցը, տարբեր տեսակէտներ են եղել։ Այնուամենայնիւ, որոշել ենք, որ այս անգամ եւս չդիմենք Սահմանադրական դատարան եւ հնարաւորութիւն տանք, որ այն քաղաքացիները, որոնք իրենց ձայնը տուել են ընդդիմութեանը, ներկայացուած լինեն Ազգային ժողովում։ Այս որոշումը նաեւ մեր քաղաքացիների քուէի նկատմամբ մեր ունեցած յարգանքի դրսեւորումն է”,– ընդգծած է ան։