Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան յայտարարութիւնը

«Տեղեակ էինք «Վերածնուող Հայաստան»-ի որոշումին»

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, անդրադառնալով խմբակցութեան կազմին մէջ ընդգրկուած «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան երեսփոխաններու` իրենց պաշտօնէն հրաժարելու որոշումին:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է. 

«“Վերածնուող Հայաստան»” կուսակցութեան մեր գործընկերներուն հետ ունեցանք անկեղծ քննարկում, տեղեակ էինք որոշումին:

Արձանագրենք, որ մեր քաղաքական նպատակադրումին, սկզբունքներուն մէջ ոչինչ փոխուած է:

Յարգանքով կը վերաբերինք մեր գործընկերներու որոշումին: Վստահ ենք` քաղաքական այս պայքարին մէջ տակաւին շարունակական ու միացեալ ընելիքներ շատ կան»: