Ազերպայճանի Գերիներու, անհետացածներու եւ պատանդներու հարցերու պետական յանձնաժողովը կը տեղեկացնէ, որ Սեպտեմբեր 20-ին Կարմիր Խաչի միջոցով հայկական կողմին յանձուած են եւս 95 զինուորներու մարմինները:
Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Հայաստանի պատուիրակութիւնը հաստատած է տեղեկութիւնը, թէ՝ նոյն օրը՝ Սեպտեմբեր 20-ին մասնակցած են հայ զինուորներու մարմիններու Հայաստանի յանձնումին:
Ըստ ազերպայճանական կողմին՝ գործընթացը շարունակական պիտի ըլլայ, ինչ որ ենթադրել կու տայ, դժբախտաբար, ուրիշ մարմիններու եւս առկայութիւնը:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։