Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԱԶԵՐՊԱՅՃԱՆ – Փաշազատէ յոյս ունի, որ «Երեւանի ղազիաթը» պիտի վերսկսի իր գործունէութիւնը

Յուլիս 5-ին, Կովկասի մահմետականներու վարչութեան ղեկավար՝ շեյխ-ուլ-իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ լրագրողներու հետ ասուլիսին կրկին յոյս յայտնած է, որ «վերջերս վերականգնուած Երեւանի Ղազիաթը» պիտի սկսի գործել եւ ազերպայանցիներն ալ «պիտի երթան այդ շրջաններն ու վերականգնեն տաճարները, սրբավայրերը, մզկիթները, ուր պիտի գործեն կրօնական գործիչները»։

Ազերպայճանցի շիի մահմետականներուն առաջնորդը կրկին անդրադարձած է Հայ առաքելական եկեղեցիին ու պնդած, թէ մինչեւ 2020 թուականը հայկական այդ կրօնական կառոյցը «ծաղրանքով կը դիտէր» զիրենք։

“Մեր յաղթանակէն առաջ Հայ եկեղեցիին հետ յարաբերութիւնները տարբեր էին։ Մինչեւ 2020 թուականը այդ եկեղեցւոյ առաջնորդներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին անոնք յաղթող կը ներկայանային, մեզ ծաղրանքով կը դիտէին։ Սա կը վիրաւորէր զիս ու ազերպայճանցի ժողովուրդը։ Հիմա ես յաղթող ժողովուրդի Շեյխ-ուլ-իսլամն եմ եւ հպարտ եմ ատով”,– ըսած է Փաշազատէ։