Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճանական բանակի բեռնատար օդանաւը Թուրքիա երթուդարձ կատարած է

Ռուսական թելեկրամեան Sepah_pasdaran_ru ալիքը կը տեղեկացնէ, թէ ազերպայճանական բանակի բեռնատար օդանաւը Յունուար 28-ին Ազերպայճան ժամանած է Թուրքիոյ Թեքիրտաղ Չորլու օդակայանէն։ 

«Սովորաբար Թուրքիոյ այս օդակայանէն ռազմական բեռնատար օդանաւեր կը բեռցնեն թրքական արտադրութեան “Պայրաքթար” անօդաչու սարքերը։ Այս ռազմական անօդաչու սարքը փորձարկուած է Ուքրաինայի եւ Ռուսաստանի միջեւ պատերազմին»,– կը գրէ Sepah_pasdaran։

Հարկ կա՞յ անգամ մը եւս յիշեցնելու, թէ նախապէս ալ ուր «փորձարկած» էին։