Ազերպայճանական ոչ-կառավարական խումբ մը կազմակերպութիւններ բաց նամակով մը դիմած են ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին՝ կոչ ընելով դադրեցնելու «հայկական քարոզչամեքենայի միջամտութիւնը»։ Անոնք դատապարտած են հայամէտ 87 գոնկրէսականներու փորձերը՝ նշելով, որ իբրեւ թէ վերջիններս կը միջամտեն Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բանակցային գործընթացին:
«Հայաստան-Ազերպայճան խաղաղութեան բանակցութիւններու ենթահողին վրայ ԱՄՆ-ու գոնկրէսականներուն յայտարարութիւնները արհեստականօրէն լարուած կացութիւն ստեղծելու եւ տարածաշրջանէն ներս հակամարտութեան նոր օճախ հրահրելու փորձեր են: Խորապէս կ՚ափսոսանք, որ շրջանին հետ ո՛չ մէկ առնչութիւն ունեցող եւ իրավիճակին անտեղեակ անձնաւորութիւններ անպատասխանատու յայտարարութիւններ կը ստորագրեն՝ ԱՄՆ-ու հայկական քարոզչամեքենային կողմէ նիւթական վարձատրութեան փոխարէն»,– նշուած է Պաքուի հասարակական կազմակերպութիւններու հրապարակած նամակին մէջ, որուն հեղինակները յայտարարած են, թէ կ՚ակնկալեն Թրամփի վարչակազմին աջակցութիւնը՝ Հարաւային Կովկասի կայուն խաղաղութեան հոլովոյթին:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։