Ի պատասխան Եւրոպական խորհրդարանի 2023 Մարտ 15-ի ԵՄ-Ազերպայճան յարաբերութիւններու մասին զեկոյցին, որ ի միջի այլոց, Պաքուին կոչ կ՚ընէր վերջ տալու Բերձորի միջանցքի շրջափակման, Ազերպայճանի խորհրդարանի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնաժողովը ընդունած է յայտարարութիւն մը, ուր հայկական սփիւռքը բնութագրուած է որպէս «Եւրոպայի քաղցկեղային ուռը»։
հակազդելով Պաքուի այս յայտարարութեան՝ Իրաւունքի եւ հակամարտութիւններու կարգաւորման COVCAS կեդրոնը, Hyestart-ը (ստեղծուած 2016-ին, յանձնառու՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան) եւ «Հայատեացութեան դիտարան»-ը (ստեղծուած՝ 2020-ին, Արցախեան պատերազմի ընթացքին), միացեալ կոչով մը հանդէս եկած են.
«ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկրի մը ազգային ներկայացուցչութեան բարձրագոյն մարմինին կողմէ մարդկային խումբի մը՝ իր ցեղային պատկանելիութեան պատճառով “քաղցկեղային ուռ” որակումը ակնյայտօրէն Հայերու,– ուր ալ գտնուին անոնք,– դէմ ցեղային ատելութեան հրահրում է։ Ան կը խախտէ միջազգային իրաւունքը, ներառեալ, ի շարս այլոց, Համաձայնագրի՝ ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու բացառման մասին 4.գ յօդուածը եւ Քաղաքացիական ու քաղաքական իրաւունքներու մասին ՄԱԿ-ի միջազգային դաշնագրի 20-րդ յօդուածը: Ծանրացնող հանգամանք է՝ վիրաւորական եւ ցեղապաշտական այս յայտարարութեան ուղղուած ըլլալը Եւրոպայի հայկական սփիւռքին, որ սերած է 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ նոյնպէս ցեղային դրդապատճառներով գործուած Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներէ։ Յիշեցնենք, որ 20-րդ դարու պատմութիւնը մեզի ցոյց տուած է, որ զանգուածային բնաջնջումներուն միշտ նախորդած են ցեղասպան խումբի ցեղային ատելութեան կոչերը, ապա նաեւ անոր պաշտօնական խօսոյթին մէջ՝ զոհերու խումբերու ապամարդկայնացումը: Այս յայտարարութիւնը եւս կը հնչէ այնպիսի պահու մը, երբ Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւ չի թաքցներ Արցախի բնիկ հայ բնակչութիւնը ոչնչացնելու եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք կատարուող ներխուժումը շարունակելու իր վճռականութիւնը»։
Անոնք կոչ կ՚ընեն Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Գաթրին Գոլոնային հրապարակաւ դատապարտելու ատելութեան այս յայտարարութիւնը եւ ձեռնարկելու անհրաժեշտ միջոցներու՝ Ազերպայճանի դեսպանատան տեղեկացնելու համար, որ իր համաքաղաքացիներուն նկատմամբ ցեղապաշտութիւնը տեղ չունի այդ երկրին հետ Ֆրանսայի յարաբերութիւններուն մէջ։
Կոչ կ՚ընեն Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) պատիժներ սահմանելու ազերպայճանցի երկու երեսփոխանի՝ Նիկար Արփատարայի եւ Սամատ Սեյտովի դէմ, որոնք այս տխրահռչակ յայտարարութեան համահեղինակներն են, եւ ըլլալով ԵԽԽՎ-ի անդամներ՝ այդ քայլով ոտնակոխած են Եւրոպայի խորհուրդի հիմքին գտնուող մարդասիրական բոլոր արժէքները։
Անոնք նաեւ կոչ կ՚ընեն Եւրոպական Միութեան եւ անոր անդամ
իւրաքանչիւր պետութեան, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի միջազգային կազմակերպութիւններուն՝ դատապարտելու Ազերպայճանի ատելութեան այս նոր կոչը, յիշեցնելով, որ Freedom House-ի հրապարակած աշխարհի ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու ցանկին մէջ այդ երկիրը կը գտնուի վերջին 16-երու շարքին, եւ որ չի վարանիր նոյնիսկ քաղաքական մահափորձերու դիմելու Եւրոպա ապաստանած իր ընդդիմադիրներուն դէմ։
«Այս կոչը մաս կը կազմէ այն աւելի լայն համածիրին, որ Եւրոպական խորհրդարանը իրաւամբ կ՚որակէ «համակարգուած հայատեացութեան պետական քաղաքականութիւն» (տե՛ս. Եւրոպական խորհրդարանի 2022 Մարտ 11-ի բանաձեւը)։ Ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը վերջապէս շարժման անցնի իշխանութեան մը դէմ, որ կը յառաջանայ 20-րդ եւ 21-րդ դարերու բռնապետութիւններու հետքերով»,– կ՚եզրափակեն կոչը ստորագրած երեք կազմակերպութիւնները։ ■